Արցախի մէջ նշուած է նահատակ հրամանատար Դաշնակցական Պետոյի ծննդեան 55-ամեակը
Յունուար 30-ին լրացած է Շուշիի առանձնակի գումարտակի հրամանատարի տեղակալ, Պռոշեանի կամաւորական ջոկատի փոխհրամանատար, Արցախի հերոս, Դաշնակցական Պետրոս Ղեւոնդեանի (Պետօ) ծննդեան 55-ամեակը:
Aparaj.am-ի տեղեկութիւններով՝ Քարվաճառի Եղէգնուտ Գիւղի տարածքին՝ Պետոյի զոհուելու վայրին մէջ տեղադրուած յուշարձան այցելած են Եղէգնուտի աշակերտները եւ Պետոյի մարտական ընկերները:
Նոյն օրը, Պաշտպանութեան բանակի զօրամասերէն մէկուն մէջ կայացած է հերոսին նուիրուած յուշ-ցերեկոյթ, որուն ներկայ եղած են ՀՅԴ Արցախի ԿԿ անդամներ, ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանը, Պետոյի մարտական ու գաղափարական ընկերները, շրջակայ գիւղերու բնակիչներ, աշակերտներ, զինուորներ, ՀՅԴ ԱԵՄ-ի անդամներ:
Ձեռնարկի մասնակիցները ծաղիկներ խոնարհած են զօրամասի տարածքին տեղադրուած Պետոյի կիսանդրիին մօտ: Ցուցադրուած է Արցախի հերոսի մասին պատմող ՊԲ նկարահանած տեսաերիզը, ելոյթ ունեցած են անոր մարտընկերները, երգիչ Գէորգ Հաճեանը, ՊԲ «Ասպետ» խումբը, աշակերտներ:
Զօրամասի հրամանատարի բարոյահոգեբանական գծով տեղակալ հրամանատար Աւետիսեան, իր խօսքին մէջ նշած է, որ օրինաչափութեան պէս բան մըն է կամ ալ ազգի ճակատագիր, երբ ամէն մէկ փոթորկալից ժամանակաշրջանի մեր ժողովուրդը կը ծնի հերոսներ, որոնց կենդանութեան օրով ասքեր կը հիւսուին: Ներկայացնելով Պետոյի անցած հարուստ մարտական ուղին, ան աւելցուցած է, որ Պետոն ի սկզբանէ կոչում, ըսելիք ու ընելիք ունէր եւ հասցուցած է ընել այնչափ, որքան մենք արժանի էինք. «Պետոն հրամանատար էր, բայց հրամայել չէր գիտեր, շրջապատի վրայ կրնար ներազդել իր անձնական օրինակով: Ան գործեց դարերու պարտքն ու պատասխանատւութիւնը իր ուսերուն առնելով, ազգին իր զինուոր որդին պարգեւելու փոխարէն հզօր բանակ պարգեւեց, կորացած մէջքը շտկելու, ինքնուրոյն ապրելու յոյս ու հաւատ պարգեւեց»:
Շուշիի առանձնակի գումարտակի նախկին շտաբի պետ, պահեստազօրի փոխգնդապետ Արտաշէս Մխիթարեան նշած է, որ ամէն անգամ այցելելով զօրամաս, կը համոզուի, որ մեր զինուորները, սպաները արժանապատուօրէն կը կատարեն Պետոյի պատգամները: Պետոյի համար հող-հայրենին պաշտպանելը առաքելութիւն էր, որ ան սրբօրէն կը կատարէր: «Անոր պատգամները միշտ մեզի հետ են եւ մենք պատրաստ ենք, մարտական գործողութիւններու վերսկսման պարագային կանգնելու հայկական բանակի, հայ զինուորի կողքին` շարունակելով Պետոյի եւ միւս հազարաւոր նահատակներու կիսատ ձգած գործը»,- իր խօսքին մէջ ըսած է Արտաշէս Մխիթարեան:
Անդրադառնալով Պետոյի կերպարին ան աւելցուցած է, որ Պետոյի համար զինուորը արժէք էր, զարմանալի չէր, որ ան իր կեանքի գնով փրկեց այլ պաշտպանական շրջանի զինուոր մը. «Անոր համար հայը հայ է, զինուորը` զինուոր: Շուշիի առանձնակի գումարտակը աւելի քիչ կորուստներ ունեցած է, քան միւսները, ու ասիկա նախ եւ առաջ կը վկայէ իր զինուորի հանդէպ հրամանատարի վերաբերմունքին մասին»,- ընդգծած է Մխիթարեան:
Պետոն զոհուած է 1994 Փետրուար 14-ին՝ Քարվաճառ՝ վիրաւոր զինակիցին օգնութիւն ցոյց տալու ժամանակ: Ան, հակառակ սպառնացող ստոյգ վտանգին, չէր կրնար անտարբեր ըլլալ զինակիցներէն օգնութիւն հայցող, մարտադաշտի մէջ միայնակ մնացած մարտիկին նկատմամբ: Վարորդի փոխարէն Պետոն անվարան կը նստի շտապ օգնութեան մեքենայի ղեկին եւ միայնակ կը շտապէ՝ վայրկեան առաջ մարտադաշտէն դուրս բերելու վիրաւոր մարտիկը:
Քանի մը ակնթարթ անց՝ կը լսուի պայթիւնը եւ ականի բեկորներէն խոցուած ` Պետոն կը կնքէ իր մահկանացուն:
Փրկուած զինուորը` Արմէն Մարտիրոսեան, ձեռնարկին ներկայացած է իր որդիին` Պետրոսին հետ: 15-ամեայ պատանին ինքզինք կը նմանցնէ իր նշանաւոր անուանակիցին հետ առաջին հերթին ռազմական գործի նկատմամբ սիրով ու իրեն կրկնակի պարտաւորուած կը զգայ ապրելու ու արարելու Պետոյի երազած երկրին մէջ:
Պետոն մասնակցած է ՀՀ սահմանամերձ շրջաններու եւ ԼՂՀ ինքնապաշտպանական եւ ազատագրական մարտերուն։ Իր հրամանատարութեամբ գործող գումարտակին հետ՝ ան մասնակցած է Շահումեանի, Մարտակերտի, Մարտունիի եւ Հադրութի շրջաններու տասնեակ բնակավայրերու ազատագրման մարտերուն, Քարվաճառի թշնամական յենակէտերու ոչնչացման ռազմագործողութեան՝ բազմիցս ցուցաբերելով խիզախութիւն ու հերոսութիւն։
Պետոյին յետմահու շնորհուած է Արցախի հերոսի կոչում եւ պարգեւատրուած է «Ոսկէ արծիւ» շքանշանով, ինչպէս նաեւ ԱՀ «Մարտական խաչ առաջին աստիճան»ի շքանշանով եւ ՀՀ Արիութեան մետալով:
ԵՊՀ ռատիոֆիզիքայի բաժանմունքի ազատամարտիկ-շրջանաւարտին անունով անուանակոչուած են Պռոշեանի, Եղէգնուտի եւ Տիգրանաւանի միջնակարգ դպրոցները, իսկ 2007-ին, անոր հարազատ բաժանմունքին մէջ, բացուած է Պետրոս Ղեւոնդեան անունը կրող լսարան։