Արցախի մէջ խոր յարգանք կը տածեն ՀՕՄ-ի նկատմամբ. Բակօ Սահակեան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը նոյեմբերի 18-ին Լոս Անճելես մէջ այցելած է Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանային վարչութեան կեդրոն եւ հանդիպում ունեցած է ատենապետուհի Սիլվա Փոլատեանի եւ ՀՕՄ-ի անդամներու հետ: Այս մասին կը հաղորդէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը։

Նախագահ Սահակեանը երախտագիտութիւն յայտնած է ՀՕՄ-ին՝ Արցախին մշտապէս սատարելու համար, նշելով, որ Արցախի մէջ խոր յարգանք կը տածեն ՀՕՄ-ի նկատմամբ: Արցախի նախագահին կ՚ընկերակցէին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանը, Լոս Անճելեսի ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեանը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.