Արցախի մէջ երկրորդ Հայոց Ցեղասպանութիւնն է որ կը կատարուի. Գանատացի ծերակուտական Հուսաքոս
Գանատայի Գալկըրի քաղաքի True North առցանց լրատուամիջոցին հետ զրոյցի մը ընթացքին Գանատայի Ծերակոյտի անդամ Լէօ Հուսաքոս յայտնած է, որ այն ինչ որ կը պատահի այսօր Արցախի մէջ, «Հայերու երկրորդ ցեղասպանութիւն» պէտք է դասել եւ Գանատան անյապաղ պէտք է անդրադառնայ այս կացութեան։
Գանատայի ծերակոյտի նախկին խօսնակ Հուսաքոս կը շեշտէ, որ Գանատան ոչ միայն պարտաւոր է դատապարտելու թուրք-ատրպէյճանական յարձակումը, այլեւ պէտք է ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը եւ ինքնորոշման իրաւունքը։
Ծերակուտականը կը հաստատէ նաեւ, որ եթէ Գանատան չուզեր արնաթաթախ ձեռքեր ունենալ Արցախի հարցով՝ վարչապետ Թրուտօ պէտք է դադրի Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հաճոյակար ըլլալէ եւ արգելակէ որեւէ գանատական ռազմական սարքի վաճառքը Թուրքիոյ, որոնք կ՚օգտագործուին անմեղ հայերու սպանութեան համար։
Յիշեցնենք, որ Հոկտեմբեր 27-ին, Գանատայի Ծերակոյտի նիստին, Ծերակոյտի անդամ եւ Գանատայի Վերին Պալատի նախկին խօսնակ Լէօ Հուսաքոս յայտարարութեամբ ելոյթ ունեցած էր, յայտնելով, որ Ծերակոյտի սեղանին պիտի ներկայացնէ բանաձեւ մը, որ կը պահանջէ Գանատայի կառավարութենէն Արցախի դէմ ուղղուած թուրք-ատրպէյճանական զինուորական յարձակումը դատապարտել եւ ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը։