Արցախի մէջ արտադրուող բաճկոնները կ՚արտածուին եւրոպական շուկայ – Տեսանիւթ
2357
0
Արցախի մէջ 5 տարի առաջ հիմնուած «Great Partners» ընկերութեան արտադրած բաճկոնները արդէն կ՚արտածուին եւրոպական շուկայ: Ընկերութիւնը կը գործակցի եւրոպական հանրաճանաչ շարք մը ընկերութիւններու հետ. այս մասին կը հաղորդէ Հինգերորդ Ալիք լրատուամիջոցը։
Օգտագործուող հումքը եւրոպական է, եւ բաճկոններուն ձեւաւորումը կը կատարուի եւրոպացի մասնագէտներու կողմէ, իսկ կարուածքը՝ արցախցի դերձակներու: Եւրոպացի մասնագէտները կը նշեն, թէ արտադրանքի որակը կը համապատասխանէ եւրոպական չափանիշներուն, եւ այդ պատճառով ալ անոնք կը վաճառուին եւրոպական շուկային մէջ։
Նշենք, որ նշեալ ընկերութիւնը Ստեփանակերտի մէջ ունի 300 աշխատաւոր։https: