Ար­ցա­խի հար­ցով դի­մում՝ ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նին

­Յու­նա­հա­յու­թեան ա­նու­նով պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը տե­սակ­ցե­ցաւ խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հին հետ

Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ Ար­ցա­խի շրջա­փակ­ման 120-րդ­ օ­րո­ւան կա­պակ­ցու­թեամբ, Եր­կու­շաբ­թի, 10 Ապ­րիլ 2023-ի ա­ռա­ւօ­տուն, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, յու­նա­հայ գա­ղու­թի կա­ռոյց­նե­րու պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը այ­ցե­լեց ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րան եւ մէկ ժա­մէ ա­ւե­լի հան­դի­պում ու­նե­ցաւ խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ ­Քոնս­թան­տի­նոս ­Թա­սիու­լա­սին հետ։

­Հայ­կա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թեան մաս կը կազ­մէին ­Յու­նա­հա­յոց թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան, ­Հայ կա­թո­ղի­կէ հա­մայն­քի պետ ­Յով­սէփ ծ. վրդ. ­Պէ­զա­զեան, ­Հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան հա­մայն­քի վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­Վի­գէն ­Չո­լա­քեան, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պ. ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեան, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեան, Հ.Կ.­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի ընկ. ­Լի­զա Ա­ւա­գեան, ­Հա­մազ­գա­յի­նի Շրջ. վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի ընկ. ­Յու­լիա­նա ­Մա­նու­կեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջ. վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ եղբ. ­Գէորգ ­Պօ­ղո­սեան, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րիտ. ­Միու­թեան ­Կեդր. վար­չու­թեան ան­դամ ընկ. Օն­նիկ ­Պետ­րո­սեան, «Ա­րա­րատ» մշա­կու­թա­յին միու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ պ. ­Մի­քա­յէլ ­Յով­սէ­փեան եւ «Ա­զատ Օր» օ­րա­թեր­թին կող­մէ ընկ. ­Քե­րոբ Է­քի­զեան։

­Հան­դի­պու­մի նպա­տակն էր խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հին յանձ­նել յա­տուկ նա­մակ մը, որ ստո­րագ­րո­ւած է յու­նա­հայ գա­ղու­թի ազ­գա­յին, կրօ­նա­կան, յա­րա­նո­ւա­նա­կան, քա­ղա­քա­կան, ե­րի­տա­սար­դա­կան ու պա­տա­նե­կան, բա­րե­սի­րա­կան, մշա­կու­թա­յին, մար­զա­կան, թա­ղա­յին, հայ-յու­նա­կան ա­ռեւտ­րա­կան կա­ռոյց­նե­րու մօտ 60 վար­չա­կան միա­ւոր­նե­րուն կող­մէ, ընդգր­կե­լով ամ­բողջ ­Յու­նաս­տա­նի տա­րած­քին վրայ գոր­ծող յու­նա­հայ գա­ղու­թի կազ­մա­կերպ կեան­քի ի­րա­կա­նու­թիւ­նը։

Եր­կու կող­մե­րուն մի­ջեւ ե­ղած ջերմ զրոյ­ցին ըն­թաց­քին, նա­խա­պէս ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նոր­դը գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նեց հան­դի­պու­մին առն­չու­թեամբ, ա­պա անդ­րա­դար­ձաւ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ ­Բեր­ձո­րի մի­ջանց­քի ար­գե­լա­փակ­ման, որ պատ­ճառ դար­ձաւ ամ­բողջ Ար­ցա­խի շրջա­փակ­ման։ Սր­բա­զան հայ­րը շեշ­տեց, թէ Ատր­պէյ­ճա­նի շրջա­փա­կու­մը մար­դա­սի­րա­կան մեծ ա­ղէ­տի եզ­րին բե­րած է Ար­ցա­խի հա­յու­թիւ­նը, մինչ Ատր­պէյ­ճան կը շա­րու­նա­կէ գրա­ւո­ւած տա­րածք­նե­րէն ներս ա­ւե­րել հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին բո­լոր կո­թող­նե­րը, նպա­տակ ու­նե­նա­լով ամ­բող­ջու­թեամբ վե­րաց­նել հայ­կա­կան հետ­քե­րը եւ հա­յա­թա­փել Ար­ցա­խը։

­Յա­ջոր­դա­բար, ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ա­նու­նով, ընկ. Հ. ­Յա­րու­թիւ­նեան ա­ւե­լի ման­րա­մասն անդ­րա­դար­ձաւ շրջա­փա­կու­մին եւ ընդգ­ծեց մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քի դա­տա­պար­տու­մի բա­նա­ձե­ւում­նե­րը Ատր­պէյ­ճա­նի ա­պօ­րի­նի քայ­լե­րուն դէմ։ Ան նշեց, թէ բնա­պահ­պա­նա­կան պատ­րո­ւակ­նե­րով սկսած շրջա­փա­կու­մը շատ ա­րագ ցոյց տո­ւաւ Ատր­պէյ­ճա­նի հա­կա­հայ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան նպա­տակ­նե­րը։ ­Խօսք ե­ղաւ եւ­րո­պա­ցի դի­տորդ­նե­րու ներ­կա­յու­թեան հայ-ատր­պէյ­ճա­նա­կան սահ­մա­նին վրայ ու մի­ջազ­գա­յին հսկո­ղու­թիւ­նը ամ­րապն­դե­լու կա­րե­ւո­րու­թեան։ Ըն­կե­րու­հին նշեց Եւ­րո­պա­կան խորհր­դա­րա­նի եր­կու բա­նա­ձե­ւե­րը, ան­ցեալ շա­բաթ ­Կիպ­րո­սի խորհր­դա­րա­նին կող­մէ Ատր­պէյ­ճա­նը դա­տա­պար­տող բա­նա­ձե­ւը եւ մի­ջազ­գա­յին ա­տեան­նե­րու ո­րո­շում­նե­րը, ո­րոնք Ատր­պէյ­ճա­նին կոչ կ­՚ուղ­ղեն ան­յա­պաղ բա­նալ ­Բեր­ձո­րի մի­ջանց­քը։

Ընկ. ­Յա­րու­թիւ­նեան յու­նա­հա­յու­թեան ա­նու­նով նա­մա­կը փո­խան­ցեց խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հին եւ նշեց, թէ ­Յու­նաս­տա­նի հա­յու­թեան ա­ւե­լի քան 60 կա­ռու­ցա­յին միա­ւոր­ներ կը խնդրեն ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նէն դի­մել հա­մա­պա­տաս­խան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու, որ­պէս­զի ազ­դու մի­ջոց­ներ ձեռ­նար­կո­ւին եւ Ատր­պէյ­ճան ան­մի­ջա­կան կեր­պով վերջ տայ Ար­ցա­խի շրջա­փակ­ման։

­Խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հը, իր կար­գին, անդ­րա­դար­ձաւ տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին խնդիր­նե­րուն, տե­ղեակ ըլ­լա­լով ­Կով­կա­սէն ներս տի­րող աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն եւ նշեց, թէ պի­տի դի­մէ հել­լէն կա­ռա­վա­րու­թեան ու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան, որ­պէս­զի Ար­ցա­խի շրջա­փակ­ման հար­ցը դրո­ւի Եւ­րո­պա­կան ա­տեան­նե­րու օ­րա­կար­գին վրայ։ Ան նաեւ շեշ­տեց, թէ ­Յու­նաս­տան կառ­չած կը մնայ մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քի սկզբուն­քին եւ յա­տուկ զգայ­նու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րէ հո­ղա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան խնդիր­նե­րուն շուրջ։

­Յա­ջոր­դա­բար, հան­դի­պու­մը ա­ռիթ ե­ղաւ նաեւ ներ­կա­յաց­նե­լու յու­նա­հայ գա­ղու­թի պատ­մու­թիւնն ու ներ­կայ պատ­կե­րը։ ­Նա­խա­գա­հը հե­տաքրք­րո­ւե­ցաւ գա­ղու­թա­յին կեան­քի զա­նա­զան ո­լորտ­նե­րուն մա­սին եւ իւ­րա­քան­չիւր ներ­կա­յա­ցու­ցի­չէ ստա­ցաւ ման­րա­մասն տե­ղե­կու­թիւն­ներ ազ­գա­յին, հո­գե­ւոր, կրթա­կան, ­Հայ դա­տի, մա­մու­լի եւ հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ։

­Հան­դի­պու­մի ա­ւար­տին, ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հը յու­շա­մե­տա­լով պար­գե­ւատ­րեց Ա­ռա­ջորդ Սր­բա­զան հայրն ու ­Հայ դա­տի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, ինչ­պէս նաեւ յու­շա­նո­ւէր­ներ յանձ­նեց պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րուն։

* * *

Ս­տո­րեւ, կը ներ­կա­յաց­նենք Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ա­նու­նով եւ յու­նա­հայ կա­ռոյց­նե­րուն կող­մէ՝ ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հին յանձ­նո­ւած նա­մա­կի հա­յե­րէն եւ յու­նա­րէն տար­բե­րակ­նե­րը։

Ա­թէնք, 24 ­Մարտ 2023

­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ Պ. ­Քոնս­թան­տի­նոս ­Թա­սիու­լա­սին

Վ­սե­մա­շուք պ. նա­խա­գահ,

12 ­Դեկ­տեմ­բեր 2022-էն ի վեր, Ատր­պէյ­ճա­նի ար­գե­լա­փա­կած է «­Լա­չի­նի մի­ջանց­քը», միակ ճա­նա­պար­հը, որ կը կա­պէ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը ­Հա­յաս­տա­նին հետ, պատ­ճառ դառ­նա­լով ա­ւե­լի քան օ­րա­կան 400 թոն սննդամ­թեր­քի, դե­ղո­րայ­քի եւ այլ կա­րե­ւոր ապ­րանք­նե­րու փո­խադ­րու­թեան դադ­րեց­ման, փոր­ձու­թեան տակ դնե­լով Ար­ցա­խի սննդա­մա­տա­կա­րար­ման ա­պա­հո­վու­թիւ­նը։ ­Բա­ցա­յայտ կը դառ­նայ, որ Ար­ցա­խի 120.000 բնա­կիչ­նե­րը զրկո­ւած կը մնան ա­պա­հով եւ ար­ժա­նա­վա­յել կեն­ցա­ղի ա­մէ­նէն տար­րա­կան ի­րա­ւունք­նե­րէն, սնուն­դէն, ա­ռող­ջա­պա­հա­կան խնամ­քէն, կրթու­թե­նէն եւ եր­թե­ւե­կու­թեան ա­զա­տու­թե­նէն։ Այս կա­ցու­թիւ­նը կը բար­դո­ւի Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ տաս­նեակ տա­րի­նե­րու վրայ գոր­ծած թշնա­մա­կան ա­րարք­նե­րու եր­կար ցան­կին վրայ, հա­յե­րու ջար­դէն ­Սում­կայ­թի եւ ­Պա­քո­ւի մէջ, մին­չեւ շղթա­յա­զեր­ծած ե­րեք պա­տե­րազմ­նե­րը, նպա­տակ ու­նե­նա­նով Ար­ցա­խի հա­յե­րու ցե­ղա­յին մաք­րա­գոր­ծու­մը եւ ամ­բող­ջա­կան բնաջն­ջու­մը։ ­Կը նկա­տո­ւի պե­տա­կա­նօ­րէն կան­խամ­տա­ծո­ւած հա­կա­հայ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան շա­րու­նա­կու­թիւ­նը, որ ամ­բող­ջու­թեամբ կը հա­մընկ­նի Ատր­պէյ­ճա­նի հա­կա­հայ ան­վերջ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն եւ ա­րարք­նե­րուն հետ։ ­Յու­նաս­տա­նի հայ հա­մայն­քը, խո­րա­պէս մտա­հո­գո­ւած իր ազ­գա­կից­նե­րու բախ­տով Ար­ցա­խի մէջ, կը փա­փա­քի ­Ձե­զի հետ տե­ղե­կա­տո­ւա­կան հան­դի­պում մը ու­նե­նալ, ի­րա­զեկ դարձ­նե­լու հա­մար անձ­նա­պէս ­Ձեզ եւ ­Ձեր մի­ջո­ցով ­Յու­նաս­տա­նի ­Խորհր­դա­րա­նը, տա­րա­ծաշր­ջա­նէն ներս տի­րող կա­ցու­թեան մա­սին։ ­Կը հա­ւա­տանք, որ ձեր պե­տու­թիւ­նը, մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քին հետ գոր­ծակ­ցա­բար, կրնայ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն առ­նել, որ­պէս­զի ազ­դու մի­ջոց­նե­րով վե­րա­ցո­ւի շրջա­փա­կու­մը եւ ե­րաշ­խա­ւո­րո­ւի բազ­մա­չար­չար Ար­ցա­խի հա­յե­րու կեան­քի ա­պա­հո­վու­թիւ­նը։ Այս պատ­ճա­ռով, կը խնդրենք հան­դի­պիլ մեր հա­մայն­քի պա­տո­ւի­րա­կու­թեան հետ, որ պի­տի բաղ­կա­նայ հայ­կա­կան հո­գե­ւոր եւ քա­ղա­քա­կան կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն, որ­պէս­զի ­Ձեզ տե­ղեակ պա­հեն եւ հա­մա­պա­տաս­խան նա­մա­կը փո­խան­ցեն։

­Լիա­յոյս ենք ձեր դրա­կան պա­տաս­խա­նին հա­մար։

Comments are closed.