Արցախի Հանրապետութեան Նախագահը Սեն Շամոն Այցելած է

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Նոյեմբեր 21-ին, այցելած է Սեն Շամոն քաղաք, հանդիպում ունեցած քաղաքապետի, տեղական իշխանութիւններու պատասխանատուներու, Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի նախագահ Ֆրանսուա Ռոշպլուանի եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ:

Նախագահ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնած է հիւրընկալութեան համար` նշելով, որ ստեղծուած ջերմ մթնոլորտին մէջ, Արցախի պատուիրակութիւնը ինքզինք կը զգայ հարազատ օճախի մէջ:

Բակօ Սահակեան ընդգծած է, որ Ֆրանսայի ժողովուրդը հայ ժողովուրդի անկեղծ բարեկամն է, եւ Արցախը շահագրգռուած է Ֆրանսայի, անոր տարբեր վարչական միաւորումներու, քաղաքներու եւ համայնքներու հետ փոխգործակցութեան խորացումով:

Անդրադառնալով Ֆրանսուա Ռոշպլուանի գործունէութեան` նախագահ Սահակեան զայն բնութագրած է իբրեւ մարդասիրութեան, անկեղծ բարեկամութեան, սկզբունքայնութեան, համամարդկային արժէքներուն հաւատարմութեան օրինակելի դրսեւորում` բարձր գնահատելով անոր ներդրումը Ֆրանսա-Արցախ յարաբերութիւններու եւ հայ-ֆրանսական կապերու ամրապնդման ու ընդլայնման գործին մէջ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.