Արցախի Խորհրդարանին Մէջ 5 Քաղաքական Ուժ Պիտի Ներկայացուի. ԿԸՅ–ն Ներկայացուց Նախնական Արդիւնքները
Արցախի Հանրապետութեան նորընտիր Ազգային ժողովին մէջ կը ներկայացուի 5 քաղաքական ուժ։ Այս մասին, այսօր հրաւիրուած մամուլի ասուլիսին ընթացքին յայտնեց Արցախի Հանրապետութեան կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Սրբուհի Արզումանեան։
«Կուսակցութիւններու պարագային խորհրդարան կ՝անցնի 5%-ի շեմը յաղթահարած քաղաքական ուժը, կուսակցութիւններու դաշինքի պարագային` 7%-ի շեմը յաղթահարած ուժը։
Այսպէս` Արցախի Հանրապետութեան ԱԺ-ի մէջ ներկայացուած պիտի ըլլայ 5 քաղաքական ուժ.
-«Ազատ Հայրենիք-ՔՄԴ» կուսակցութիւններու դաշինքը (40,4%),
-«Միասնական հայրենիք» կուսակցութիւնը (23,63%),
-Արցախի «Արդարութիւն» կուսակցութիւնը (7,9%),
-«Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» կուսակցութիւնը (6,4%),
-Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւնը (5,81%)»,- ըսաւ Արցումանեան, ըստ որուն իրաւագրերու բաշխման վերաբերեալ տուեալները պիտի հրապարակուին 7 օր ետք։
https://www.youtube.com/watch?v=J35aqIrJ8No&feature=emb_logo