Արցախի Խծաբերդ Գիւղը Ամբողջութեամբ Քանդուած Է

Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած Խծաբերդ գիւղը ամբողջութեամբ քանդուած է:

Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակը տարածեց արբանեակային լուսանկարներ, որոնք կ՛արձանագրեն շէնքերու, տուներու եւ ախոռներու հիմնայատակ քանդումի փաստը:

«Ինչպէս օկուպացուած (գրաւուոած) Արցախի միւս բնակավայրերում, այնպէս էլ այստեղ, տեղի է ունեցել իրենց տներից վտարուած արցախցիներին պատկանող ունեցուածքի լայնածաւալ կողոպուտ», կ՛ըսուի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակի «Էքս»ի գրառման մէջ:

Comments are closed.