Արցախեան 44-Օրեայ Պատերազմը Փաստավաւերագրող Եւ Գիտապատմական Հետազօտութիւններու Գիրքին Շնորհահանդէսը
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկի նիստերու դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ «Հարաւկովկասեան ուժային յարաբերակցութեան փոխակերպումը եւ արցախեան 2020 թ. պատերազմը» գիրքին շնորհահանդէսը, որ նուիրուած է 2020 թուականի արցախեան պատերազմի ժամանակ նահատակուած հերոսներու յիշատակին:
Գիրքի խմբագիր, Արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Գոհար Իսկանտարեան նշեց, որ այս աշխատանքը իրականացուեցաւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան Գիտութեան կոմիտէի նիւթական աջակցութեամբ, հետազօտութիւնները տեւեցին երեք տարի` 2021-2024: Գիրքը ուղղուած է բոլոր անոնց, որոնք ի վերջոյ կ՛ուզեն հասկնալ, թէ ի՛նչ տեղի ունեցաւ մեր երկրին մէջ այս քանի մը տարիներու ընթացքին:
Գիրքին հեղինակներն են` Լիանա Պետրոսեանը, Քրիստինէ Մելքոնեանը, Արտեոմ Տոնոյեանը, Սերգէյ Մինասեանը եւ Բենիամին Պօղոսեանը:
«Հիմնական նպատակը ներկայացնելն էր այսպիսի աշխատութիւն մը, որուն մէջ բազմակողմանի ցոյց տրուած են այն իրադարձութիւնները, որոնք տեղի ունեցան Հայաստանի շուրջ, եւ որոնց փաստացի ականատեսը եղանք բոլորս: Փորձառու հեղինակները ոչ միայն գրած են յօդուածներ, այլ նաեւ կատարած են համապատասխան հետազօտութիւններ եւ մշտադիտարկումներ` կատարելով արժէքաւոր նիւթերու ձեռքբերման աշխատանքներ: Հեղինակներէն իւրաքանչիւրը` իբրեւ ոլորտի գիտնական, տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները ներկայացուցած է մասնագիտական տեսանկիւնէ», ըսաւ Իսկանտարեան:
Գիրքը պիտի զետեղուի Արեւելագիտութեան հիմնարկի կայքին վրայ, եւ ամէն ոք կրնայ անվճար ներբեռնել եւ կարդալ: Կարելիութեան պարագային, աշխատութիւնը պիտի թարգմանուի նաեւ օտար լեզուներու:
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան նշեց, որ կը սպասուին լուրջ տարածաշրջանային նոր զարգացումներ, որոնք պայմանաւորուած չեն միայն շրջանային ուժերու առկայութեամբ, այլեւ կան արտաքին ուժեր, որոնք մեծապէս շահագրգռուած են շրջանի փոփոխութիւններով, ուստի այսօր արցախեան հարցը աւելի շատ քաղաքագէտներու ուսումնասիրութեան դաշտին մաս կը կազմէ:
«Անոնք պէտք է կատարեն կանխատեսումներ, որոնց իբրեւ արդիւնք` կը կարողանանք զուգահեռաբար իրականացնել նաեւ պատմագիտական հետազօտութիւններ: Արցախեան հարցը պէտք է քննարկուի նաեւ այն տեսանկիւնէն, որ Ազրպէյճանը երանութեան մէջ կը շարունակէ ինքզինք պահել շատ աւելի շնական ու լկտի` յայտարարելով, որ արցախեան հարցը լուծուած է: Փորձելով, այսպէս կոչուած, նախկին բնակիչներուն վերադարձնել Հայաստան` հարիւր հազարներէ աւելի, քան իրականութեան մէջ անոնք եղած են այստեղ, կը ձգտի գործընթացը շարունակել` զուգահեռաբար մէջտեղ բերելով, այսպէս կոչուած, «Զանգեզուրի միջանցք»-ի թեման: Ազրպէյճանը անով իսկ չի դադրեցներ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութեան ընթացքը», նշեց Մելքոնեան:
Անոր հաստատումով, արցախեան հիմնահարցը պէտք է շարունակաբար դառնայ հետազօտութիւններու առարկայ, եւ այսպիսի արժէքաւոր աշխատութիւններ պէտք է շատ գրուին:
«Երբ կը յաղթես, բոլորը կը փորձեն յաղթանակի դափնիները քաշել իրենց վրայ, բայց երբ պարտութիւն կ՛ըլլայ, նոյնիսկ հերոսապատում էջերը, որոնք գրուեցան նաեւ 44-օրեայ պատերազմէն մինչեւ 2023 թուականի դէպքերը, մնացին ստուերի մէջ, եւ հերոսապատումը մոռացութեան տրուեցաւ: Եթէ կ՛ուզենք, որ հարցը վերջնականապէս չփակուի, ապա պէտք է անդրադառնանք բոլոր ինքնապաշտպանական կռիւներուն, որոնց շարքին` 19 սեպտեմբեր 2023-ի դէպքերուն, որոնց մասնակցած հերոսները մնացին ստուերի մէջ: Մենք` պատմաբաններս, պէտք է զբաղինք այդ հարցով», ընդգծեց Մելքոնեան:
Գիրքը բաղկացած է քանի մը բաժիններէ: Գոհար Իսկանտարեան անդրադարձած է Հայաստանի եւ Իրանի մօտեցումներուն, որոնք կ՛առնչուին տարածաշրջանային նոր մարտահրաւէրներուն: Ան ներկայացուց Հայաստանի անկախութենէն ետք ձեւաւորուած հայ-իրանական յարաբերութիւնները, Իրանի մօտեցումները արցախեան հարցին եւ իրենց երկրի դիրքորոշումը արցախեան վերջին պատերազմին վերաբերեալ: Հեղինակաւոր անձերու հետ հարցազրոյցներու զուգահեռ, օգտագործուած են արտաքին գործոց նախարարութեան պատմական դիւանագիտական արխիւը, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Ալի Աքպար Ռաֆսանճանիի յուշերը, որուն մէջ մեծ հատուած կայ արցախեան հարցին վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ Իրանի արտաքին գործոց նախկին նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆիի յուշերը, որուն մէջ հետաքրքրական փաստեր կան արցախեան վերջին պատերազմին եւ Իրանի միջնորդական առաքելութեան փորձերուն մասին:
Լիանա Պետրոսեան անդրադարձած է 1991-2023 թուականներուն հայ-իրանական տնտեսական յարաբերութիւններուն` օգտագործելով Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներն ու իրանեան մամուլը:
Քրիստինէ Մելքոնեանի ուսումնասիրութեան առարկան դարձած է Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը Հարաւային Կովկասին մէջ (1991-2023): Ան ներկայացուցած է վերջին երեսուն տարիներու ընթացքին հարաւկովկասեան հանրապետութիւններու հետ Թուրքիոյ ձեւաւորած յարաբերութիւնները եւ 44-օրեայ պատերազմէն ետք տարածաշրջանին մէջ իր դիրքերուն ամրապնդման նոր փուլի թեւակոխումը:
Ալեն Ղեւոնդեան դիտարկած է Հայաստանի եւ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան փոխյարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ` Հարաւային Կովկասի մէջ ուժային հաւասարակշռութեան փոխակերպման ներկայ փուլը: Ան մատնանշած է այն բոլոր հարցերը, որոնք առկայ են թէ՛ Հայաստան-Ռուսիա յարաբերութիւններուն, թէ՛ Հայաստան-ՀԱՊԿ համագործակցութեան ծիրին մէջ:
Արտեոմ Տոնոյեան ուսումնասիրած է Ազրպէյճանի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւնները եւ առանձնայատկութիւնները (1991-2023): Հեղինակը ուշադրութիւնը սեւեռած է այն հանգամանքին վրայ, թէ ինչպէ՛ս արցախեան առաջին պատերազմին պարտուած Ազրպէյճանը կրցաւ վերականգնիլ եւ ինչպիսի աշխատանքի շնորհիւ է, որ ի վիճակի եղաւ արցախեան հարցը լուծել իր նախընտրած օրակարգով` ռազմական ճանապարհով: Տոնոյեան վերլուծած է նաեւ Ազրպէյճանի նախագահին արտասանած խօսքերը:
Սերգէյ Մինասեան հետազօտած է Վրաստանի արտաքին քաղաքականութեան տարածաշրջանային մօտեցումները: Ան ուշադրութեան կեդրոնին մէջ պահած է այն հարցը, թէ Վրաստան ինչպիսի՛ քաղաքական փոփոխութիւններու ենթարկուած է անկախութենէն ի վեր եւ ինչպէ՛ս դիրքաւորուած է արցախեան պատերազմի ժամանակ: Ան վերլուծած է նաեւ հայ-վրացական ներկայ յարաբերութիւնները:
Բենիամին Պօղոսեան անդրադարձած է Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոմիութեան քաղաքականութեան Հարաւային Կովկասին մէջ (1991-2023): Հետազօտողը ցոյց տուած է հաւաքական Արեւմուտքի շահերը եւ անոնց որդեգրած քաղաքականութիւնը մեր տարածաշրջանին հանդէպ, մասնաւորապէս` արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ:
Comments are closed.