Արտաքին Ուժերը Կը Խոչընդոտեն Տարածաշրջանի Խաղաղութիւնը. Իրանի Նախագահ

Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքեան յայտարարեց, որ արտաքին ուժերը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման խոչընդոտ կը հանդիսանան։ Ըստ tasnimnews.com-ի՝ ան այս մասին խօսեցաւ նախագահական իր պաշտօնը ստանձնելէն ետք տուած առաջին մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։

Փեզեշքեան աւելցուց, որ Իրան իր դրացի երկիրներուն հետ «ընդհանուր տեսակէտներ եւ լեզու» պիտի ստեղծէ՝ խաղաղ եւ հանգիստ տարածաշրջան մը ունենալու համար:

Այս պարունակին մէջ, Փեզեշքեան ընդգծեց Իրանին՝ ուժեղ մնալու անհրաժեշտութիւնը` ըսելով. «Մեզի անհրաժեշտ է պաշտպանական ուժ մը՝ մեր ժողովուրդին եւ երկրին ապահովութիւնը պահպանելու համար»:

Ան ըսաւ, որ Իրանի եւ տարածաշրջանի երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը ամրապնդող միջանցքներուն շնորհիւ կարելի է բարելաւել Մետաքսի ճամբով Իրանի եւ Չինաստանի մուտքը համապատասխան շուկաներ:

Ան նախագահը Չինաստանը բնութագրեց իբրեւ «ռազմավարական» գործընկեր եւ խոստացաւ երկու երկիրներուն միջեւ կապերը զարգացնել:

Փեզեշքեան վերահաստատեց Թեհրանի` պատերազմներուն եւ լարուածութեան դէմ ըլլալու դիրքորոշումը, սակայն նոյն ատեն ընդգծեց, որ Իրան վճռական է ինքզինք որեւէ յարձակումէ պաշտպանելու:

«Մենք ոեւէ մէկուն հետ հակամարտութեան մէջ չենք», շեշտեց Փեզեշքեան:

Ան դիտել տուաւ, որ իր վարչակազմը պիտի բանակցի Արեւմուտքի հետ վիճելի հարցերու շուրջ եւ պիտի զարգացնէ յարաբերութիւնները դրացի երկիրներուն հետ` տնտեսութիւնը բարելաւելու եւ ապագայի նպատակներուն հասնելու համար:

Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգները նախ պէտք է ապացուցէ, որ պատրաստ է բարեխղճօրէն բանակցելու եւ հաւատարիմ է իր միջազգային պարտաւորութիւններուն: Ան աւելցուց, որ ցարդ ամերիկացիները « մեզի համար բոլոր ուղիները փակած են»:

Comments are closed.