Արմէն Ռուստամեան հանդիպում ունեցաւ Գանատայի Նոր Ժողովրդավարական Կուսակցութեան (NDP) ղեկավար Տոն Տէյվիսի հետ

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, ուրբաթ՝ մարտ 6-ին, Վանքուվըրի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Գանատայի Նոր Ժողովրդավարական Կուսակցութեան (NDP) ժամանակաւոր ղեկավար Տոն Տէյվիսի հետ։

Հանդիպման ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Ռաֆֆի Տօնապետեան եւ Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչներ Վահէ Անտոնեան եւ Յակոբ Տէր Յակոբեան։

Հանդիպման ընթացքին Ռուստամեան ներկայացուց Հայաստանի եւ տարածաշրջանին վերաբերող վերջին զարգացումները՝ շեշտելով Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ իրականացուած յարձակումէն բխող չլուծուած բազմաթիւ քաղաքական եւ մարդասիրական հարցերու կարեւորութիւնը։ Ան մասնաւորապէս ընդգծեց Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ գերիներու ազատ արձակման անհրաժեշտութիւնը, Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան հրամայականը, ինչպէս նաեւ Արցախի հայութեան վերադարձի իրաւունքը եւ անոնց հիմնարար իրաւունքներու ու ազատութիւններու վերահաստատումը։

Ռուստամեան նաեւ ներկայացուց այս հարցերուն շուրջ ՀՅԴ-ի դիրքորոշումները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Տէյվիսին՝ ինչպէս նաեւ Նոր Դեմոկրատական Կուսակցութեան, հայութեան վերաբերող հարցերուն մէջ ցուցաբերած հետեւողական աջակցութեան եւ սկզբունքային կեցուածքին համար։ Իր կարգին, Տէյվիս վեր առնելով գանատահայութեան դերկատարութիւնը Գանատայի քաղաքական եւ հասարակական կեանքին մէջ, անգամ մը եւս վերհաստատեց իր եւ իր կուսակցութեան աջակցութիւնը հայութեան եւ հայ դատին վերաբերող հարցերու ուղղութեամբ։

Կողմերը նաեւ մտքեր փոխանակեցին փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու շուրջ։