Արթուր Խաչատրեան․ Պէտք է բռունցքուած «ոչ» ըսել Ալիեւին, Էրտողանին եւ Փաշինեանին

ԵՐԵՒԱՆ — ՀՅԴ անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան յայտարարեց, որ յունիսի ընտրութիւններէն ետք Նիկոլ Փաշինեանի հռետորաբանութիւնը ոչ թէ ազգային համերաշխութեան, այլ ներքին լարուածութիւնը սրելու ուղղուած քայլ էր։

Խաչատրեանի ըսաւ, որ Փաշինեան ընտրութիւններէն ետք ընդդիմութիւնը «ջախջախելու», բանտերը լեցնելու եւ քաղաքական հակառակորդները սնանկացնելու սպառնալիքներ հնչեցուց, որովհետեւ վերարտադրուելու համար կենսական զիջումներ ըրած է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի։ Ան յիշեցուց, որ Էրտողանի եւ Ալիեւի կողմէ ընտրարշաւի օրերուն կատարուած քաղաքական յայտարարութիւնները նպաստած են Փաշինեանի վերընտրութեան մթնոլորտին։

Պատգամաւորը յատկապէս անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ շրջանառուող այսպէս կոչուած խաղաղութեան համաձայնագիրին՝ ընդգծելով, որ փաստաթուղթը Հայաստանի համար հիմնական հարցեր չի լուծեր, այլ նոր պարտաւորութիւններ կը պարտադրէ։ Ան առանձնացուց ութերորդ յօդուածը, ուր կողմերը կը պարտաւորուին պայքարիլ «անջատողականութեան», «բռնի ծայրայեղականութեան» եւ «ահաբեկչութեան» դէմ։

Խաչատրեանի խօսքով՝ Ալիեւ այս եզրերը կը գործածէ բոլոր անոնց դէմ, որոնք կը խօսին Արցախի, վերադարձի իրաւունքի, հայ գերիներու ազատ արձակման եւ Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան մասին։ Ըստ անոր, այս փաստաթուղթով Փաշինեան պարտաւորուած է պայքարիլ այդ ուժերուն դէմ, սակայն այդ նպատակը փաստօրէն չէ կրցած ամբողջութեամբ իրականացնել։

«Իրավիճակը ծանր է, բայց օրհասական չէ», յայտարարեց Խաչատրեան՝ շեշտելով, որ Հայաստանը կը կանգնի «ատրպէյճանամէտ բռնակալութեան» վերածուելու վտանգին առջեւ։

Ան կոչ ուղղեց չյուսահատելու եւ միասնականօրէն պայքարը շարունակելու՝ ընդգծելով, որ պէտք է բռունցքուած «ոչ» ըսել թէ՛ Ալիեւին, թէ՛ Էրտողանին եւ, ամէնէն առաջ, Նիկոլ Փաշինեանին։