Արեֆ. «Իրան Լիովին Կը Պաշտպանէ Հայաստանի Տարածքային Ամբողջականութիւնը»
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Իրանի նախագահի առաջին տեղակալ Մոհամետ Ռեզա Արեֆի հետ հանդիպումի ընթացքին անդրադարձած է Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ քննարկումներու վերջին զարգացումներուն:
Վարչապետի աշխատակազմին համաձայն, Փաշինեան անդրադառնալով շրջանային հաղորդակցութեան ճամբաներու ապաշրջափակման ուղղուած Հայաստանի Հանապետութեան կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին ու անոր սկզբունքներուն, շեշտած է, որ Հայաստանը պատրաստ է գերիշխանութեան, իրաւազօրութեան, հաւասարութեան եւ փոխադարձութեան սկզբունքներու հիման վրայ ապաշրջափակումով նպաստել շահագրգիռ պետութիւններու առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման:
Վարչապետը բարձր գնահատած է Իրանի սկզբունքային եւ հրապարակային դիրքորոշումը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած պետական սահմաններու անքակտելիութեան վերաբերեալ:
Իրանի նախագահի առաջին տեղակալը անգամ մը եւս ընդգծած է, որ Իրան լիովին կը պաշտպանէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ անընդունելի կը նկատէ շրջանին մէջ որեւէ սահմանային փոփոխութիւն:
Միեւնոյն ժամանակ, ան ընդգծած է Հայաստանի հետ բազմոլորտ համագործակցութեան Իրանի նպատակադրումն ու պատրաստակամութիւնը:
Comments are closed.