Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան Հայաստանի ու Արցախի ճամբարներուն կը մասնակցին շուրջ 1500 պատանիներ
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը 3 Յուլիս 2019-ին հիւրընկալեց ՀՅԴ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի երիտասարդական միութեան անդամները, որոնք հայրենիք ժամանած են պատանեկան ճամբարներ կազմակերպելու նպատակով: Դաշնակցութեան «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան երիտասարդներուն ներկայացուց ՀՀ ներկայ ներքաղաքական մթնոլորտը, կուսակցութեան քաղաքական դիրքաւորումը եւ Դաշնակցութեան արժեհամակարգէն բխող քաղաքական գործունէութեան մասին մանրամասնութիւններ:
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի երիտասարդական միութիւնը ճամբարներ կը կազմակերպէ ՀՀ Շիրակի մարզի Կիւմրի, Արթիկ, Մեծ Մանթաշ համայնքներուն, ինչպէս նաեւ Արցախի մէջ: Կը նախատեսուի, որ ընդհանուր առմամբ միայն Արեւմտեան Ամերիկայէն ժամանած դաշնակցական երիտասարդներուն կազմակերպած պատանեկան ճամբարներուն կը մասնակցին շուրջ 1500 պատանիներ:
Ամրան ամիսներուն ընթացքին Դաշնակցութեան աշխարհասփիւռ կազմակերպութեան երիտասարդական միութիւններուն կողմէ Հայաստանի եւ Արցախի տարբեր համայնքներուն մէջ պիտի կազմակերպուին տասնեակ պատանեկան ճամբարներ, որոնք պիտի ընդգրկեն հազարաւոր պատանիներ: Ճամբարներուն նպատակն է Հայաստանի պատանիներուն համար ընկալելի եւ ճանաչելի դարձնել սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը, պատանիներուն փոխանցել ազգային արժեհամակարգին, մշակոյթին եւ պատմութեան վերաբերող հիմնաւոր գիտելիքներ, քաղաքացիական գիտակցութիւն եւ ամրապնդել սէրն ու նուիրումը առ հայրենիք: