Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ. «հաւատք, յոյս, սէր մեր կեանքին նշանաբանը պէտք է ըլլայ»
918
0
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի հովուապետական այցելութիւնը Մոնթրէալի մէջ սկիզբ առաւ 1 Յունիս, 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին։ Միաբան ու քահանայ հայրերէ եւ դպրաց դասերէ կազմուած հայրապետական թափօրը, Հ.Մ.Ը.Մ. «ԿԱՄՔ» մասնաճիւղի շեփորախումբին եւ սկաուտներու առաջնորդութեամբ հասաւ եկեղեցւոյ մուտքը։
«Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ Նորին Սրբութիւնը մուտք գործեց Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցի, ուր տեղի ունեցաւ Կանոնական Աղօթք։ Արարողութեան ներկայ էին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամները, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութիւնը, Թեմի եկեղեցիներու հոգաբարձութեան եւ գաղութէն ներս գործող կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներն ու հաւատացեալ ժողովուրդ։
Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան բարի գալուստ մաղթեց եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին օրհնաբեր այցելութեան համար։
Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամին սկիզբը, իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազանին, Թեմիս Հոգեւորականաց դասուն, Կրօնակսն ժողովին ու Ազգային Վարչութեան, գործակից միութիւններուն եւ Գանատահայ համայնքին։
Ապա, Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Հովիւի ու հօտի կարեւորութեան մասին, շեշտը դնելով ծառայութեան մեծութեան վրայ։ Շարունակելով իր պատգամը, Վեհափառ Հայրապետը շեշտը դրաւ Պօղոս Առաքեալի Ա. Կորնթացիներու 13:13 համարին մէջ շեշտուած հիմնական երեք պատգամներուն վրայ. «Հաւատք, Յոյս, Սէր»։
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, ներկաները աջահամբոյրով ստացան Հայոց Հայրապետին օրհնութիւնը։
Comments are closed.