ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ԳՈՐԾԱԿԻՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Երկուշաբթի, 5 Յունիս 2023-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Սուրբ Յակոբ Ազգային Վարժարանի Բասդրմաճեան սրահին մէջ, հանդիպեցաւ Մեծն Մոնթրէալի մէջ գործող գործակից Միութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։
Հետեւելով Վեհափառ Հայրապետի 2023 տարուան Հռչակագիրին, կազմակերպուած էր, «Սփիւռք» աշխատանքային հանդիպում մը, որուն ընթացքին արծարծուեցաւ, թէ ինչպէս կարելի է վերակազմաւորել Սփիւռքը։ Աշխատանքային հանդիպման նպատակն էր, քաջալերել ինքնաճանաչողութիւնն ու երկխօսութիւնը Սփիւռքին դիմագրաւած մարտահրաւներուն մասին եւ թէ ինչպէս կրնանք այդ մարտահրաւէրները յաղթահարել։
Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան բացումը կատարեց աշխատանքային հանդիպման, ներկայացնելով Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի գործունէութիւնը Վեհափառ Հայրապետի Սփիւռքի տարի հռչակման առթիւ։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը վեր առաւ Վեհափառ Հայրապետի հռչակագիրէն բաժին մը, ուր Նորին Ս. Օծութիւնը կը խօսի հզօր Սփիւռք ունենալու մասին։
«Պէտք է վերարժեւորել եւ սերտել մեր կատարելիք աշխատանքները, որպէսզի կարենանք կազմաւորել աւելի պայծառ եւ հզօր ապագայ ունեցող Սփիւռք մը։ Պէտք է ըլլանք իրատէս եւ տեսնենք մեր Սփիւռքին նոր մարտահրաւէրները ու պէտք է միասնական ոգիով կեդրոնանալ եւ սերտել, թէ ինչպէս կրնանք այդ բոլոր մարտահրաւէրները դիմագրաւել»։
Ապա, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հրաւիրեց Նորին Ս. Օծութեան, որպէսզի փոխանցէ իր պատգամը։
Վեհափառ Հայրապետը Իր ուրախութիւնը յայտնեց, ունենալու առիթը եւ տեսնելու գործակից միութիւններու պատասխանատուներն ու ներկայացուցիչները, մանաւանդ երիտասարդ պատասխանատուները։ «Ես կը հաւատամ, որ երիտասարդներն են, որոնք պիտի դիմագրաւեն շատ մը մարտահրաւէրներ։ Պէտք է զանոնք առաւել եւս ներգրաւել եւ ոչ թէ զանոնք պահել հանդիսատէսի դիրքին վրայ», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։
Նորին Ս. Օծութիւնը շեշտեց կարեւորութիւնը ինքնաճանաչողութեան եւ մէկ ըլլալու գաղափարը, այդպիսով կարելի տեսնել ճշմարտութիւնը։
«Չենք կրնար անտարբեր մնալ այս բոլոր մարտահրաւէրներուն դիմաց, այդ իսկ պատճառով անցնող երկու տարիները «Սփիւռքի Տարի» հռչակեցի։ Այսպէս միասնաբար իրապաշտ ըլլալով կրնանք վստահեցնել, որ մեր Սփիւռքը կը մնայ ապրող իրականութիւն», շեշտեց Վեհափառ Հայապետը։
«Պէտք է պատշաճեցնենք եւ բարեփոխենք մեր մօտեցումները եւ այդպիսով տեսնել այսօրուան Սփիւռքին դիմագրաւած մարտահրաւէրները։ Պէտք է մենք զմեզ միացնենք մեր ապրած շրջանակին մէջ, բայց պէտք է նաեւ ամուր պահենք մեր ինքնութիւնն ու մշակոյթը։ Ինչպէ՞ս կրնանք այդ երկուքը ներազդեցութեան միջոցաւ իրականացնել եւ ամբողջացնել», ըսաւ Նորին Ս. Օծութիւնը։
Հանդիպման աւարտին ներկաները հարցումներ հարցուցին Վեհափառ Հայրապետին եւ ստացան շինիչ պատասխաններ։

Comments are closed.