Արամ Ա. վեհափառին պատկերացումը Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի վերաբերեալ

ԱՆԹԻԼԻԱՍ – Շաբաթ, 29 Ապրիլ 2017-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, հրաւէրով ու նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, տեղի ունեցաւ միօրեայ համագումար՝ մասնակցութեամբ Սուրիոյ հայութեան հոգեւոր ու համայնքային պատասխանատու մարմիններուն, ինչպէս նաեւ անցնող տարիներուն Սուրիոյ հայութեան օժանդակած կարգ մը կառոյցներու ներկայացուցիչներուն։

Սուրբ Ծնունդի առիթով, Հալէպի հայութեան տուած իր հովուապետական այցելութեան ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի կոչ ուղղած էր եւ այս գծով պարզած էր իր պատկերացումը։ Համագումարի իր բացման խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը աւելի լայն ու յստակ կերպով պարզեց իր մօտեցումը վերականգնումի գործընթացքին վերաբերեալ.-

1) Ողջունելով ներկաները, Վեհափառ Հայրապետը առաջին հերթին իր բարձր գնահատանքը յայտնեց բոլոր անոնց, Հայաստանի Պետութենէն սկսեալ մինչեւ Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան գանձանակին մէջ իրենց «այրիի լուման» ձգած մեր հոգեւոր, բարեսիրական ու համայնքային կառոյցներն ու բարերարները, որոնք գործնապէս իրենց մասնակցութիւնը բերած էին Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան աշխատանքներուն։ Յիշելով Առաքեալին խօսքը՝ «Եթէ մարմինին մէկ անդամը ցաւի՝ բոլոր անդամներն ալ միասին կը ցաւին…» (Ա.Կր 12.26), Նորին Սրբութիւնը կոչ ուղղեց որ այս գիտակցութեամբ, Սուրիոյ հայութեան տագնապը համահայկական տագնապ նկատելով, շարունակուի մեր զօրակցութիւնը։

2) Ապա, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, թէ ժամանակը հասած է, որ շտապ օգնութեան հանգրուանէն ընթանանք դէպի վերականգնումի հանգրուան։ Երկրէն ներս յայտնուող նշանները որոշ յոյս կը ներշնչեն այս իմաստով. հետեւաբար, վերանորոգ հաւատքով ու յոյսով պէտք է վերականգնումի աշխատանքներուն լծուինք, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, միաժամանակ յիշեցնելով, թէ վերականգնում ըսելով ան չի հասկնար սոսկ քանդուածը վերականգնել կամ վնասուածը վերաշինել. վերականգնում կը նշանակէ էապէս վերարժեւորում մեր ներկայ կեանքին, իր դրական ու բացասական երեսներով, վերակազմակերպում՝ մեր համայնքային կառոյցներուն եւ վերանորոգում՝ մեր հաւաքական կեանքին։

3) Վերականգնումը պէտք է ծրագրուի ու կատարուի համապարփակ մօտեցումով. այլ խօսքով, տնտեսական կեանքի վերականգնում, կարիքաւոր ընտանիքներու օգնութիւն, քանդուած տուներու վերաշինութիւն եւ կառոյցներու վերաշխուժացում, պէտք է քննարկուին, ծրագրուին ու կեանքի կոչուին մէկ ամբողջութեան ծիրէն ներս, զուգահեռ կերպով եւ առաջնահերթութեան կարգով։

4) Վերականգնումը պէտք է կատարուի հանգրուանային կերպով։ Առաջին հերթին, ցանկագրումը պէտք է կատարուի վնասներուն, կարիքներուն եւ ապա՝ անոնց արժեւորումը եւ առաջնահերթութեան ճշդումը։ Միշտ հանգրուանային կերպով ու նախապատուութեան կարգով հարկ է կատարուի առաջադրուած ծրագիրներուն իրագործումը։

5) Վերականգնումի նախապատրաստական ծրագիրները անհրաժեշտ է որ կատարուին մասնագիտական, եւ ոչ պարագայական ու հապճեպ մօտեցումով։ Այս յոյժ կարեւոր աշխատանքին հարկ է լծել տնտեսական, շինարարական, վարչակազմակերպչական մարզերէն ներս մասնագիտութիւն ու փորձառութիւն ունեցող անձեր։

6) Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց թափանցիկութեան ու համարատուութեան կարեւորութիւնը։ Գիտենք, որ յիշեալ աշխատանքները պիտի կատարուին երկրի մը մէջ, ուր պայմանները տարբեր են։ Նաեւ գիտենք, որ տակաւին կարգ մը արեւմտեան երկիրներ որոշ սահմանափակումներ հաստատած են Սուրիոյ կատարուելիք օժանդակութեանց գծով։ Սակայն, այս բոլորը նկատելով հանդերձ, անհրաժեշտ է շուտով գործի լծուիլ՝ մեկնելով թափանցիկութեան ու համարատուութեան սկզբունքներէն։ Նման գործելակերպ վստահութիւն կը ներշնչէ մեր ժողովուրդին, յիշեցուց Վեհափառ Հայրապետը։

7) Արամ Ա. Կաթողիկոս նաեւ առաջարկեց ժամանակացոյցի մը ճշդումը, միշտ նկատի ունենալով քաղաքական-ապահովական պայմանները, ինչպէս նաեւ նիւթական կարելիութիւնները.- ա) թղթածրարներու պատրաստութիւն մինչեւ Յուլիս 2017-ի վերջը. բ) Օգոստոսի առաջին կիսուն ծրագիրներու ներկայացում համագումարի մը ընթացքին, ուր մեծապէս փափաքելի է որ ներկայ գտնուին Հայաստանի Պետութեան, թեմերու, գաղութներու, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները եւ բարերարներ։ Յիշեալ համագումարին ընթացքին սպասելի է որ որդեգրուին ներկայացուած ծրագիրները. գ) ծրագիրներու գործադրութիւն Հոկտեմբեր 2017-էն սկսեալ։

8) Վեհափառ Հայրապետը վերականգնումի առնչուած չորս գլխաւոր բնագաւառներ առաջարկեց.- ա) միջին «պիզնըս»ներու օժանդակութիւն ու փոխատուութիւն կատարելու ծրագիրի մշակում. բ) ազգային կառոյցներու վերակազմակերպման ու վերաշխուժացման աջակցութիւն. գ) վնասուած շէնքերու վերանորոգում. դ) կարիքաւոր ընտանիքներու օժանդակութիւն։

9) Նորին Սրբութիւնը նաեւ շեշտեց ծրագիրներու գործադրութեան հսկողութեան կարեւորութիւնը։ Այս ծիրէն ներս ան թելադրեց.- ա) կեդրոնական յանձնախումբի մը ստեղծումը՝ մասնակցութեամբ երեք համայնքներու հոգեւոր պետերուն, կուսակցութիւններու եւ բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներուն. բ) շինարարական, տնտեսական եւ այլ անհրաժեշտ յանձնախումբերու նշանակումը, որոնք պէտք է գործեն կեդրոնական յանձնախումբին հսկողութեան ներքեւ։

10) Որպէսզի աշխատանքները ընթանան աւելի ծրագրուած կերպով, եւ ծրագիրները որդեգրած կողմերուն հետ յարաբերութիւնը ըլլայ հետեւողական, Նորին Սրբութիւնը թելադրեց, որ գրասենեակ մը հաստատուի Հալէպի մէջ։ Յիշեալ գրասենեակին աշխատանքին բնոյթը ու սահմանները պէտք է ճշդուին կեդրոնական յանձնախումբին կողմէ։

Իր խօսքի աւարտին, Արամ Ա. Կաթողիկոս իր գնահատանքը յայտնեց Սուրիոյ հայութեան հոգեւոր ու համայնքային պատասխանատուներուն՝ իրենց նուիրեալ ծառայութեան համար, վերաշեշտելով Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի աշխատանքները համահայկական մասնակցութեամբ ու ծրագրուած կերպով կատարելու հրամայականը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.