Արամ Ա. Կաթողիկոս Քրիստոնեայ-Իսլամ Երկխօսութեան Մասին Դասախօսութիւն Կու Տայ Քուէյթի Համալսարանին Մէջ

Քուէյթի եւ շրջակայից թեմին կատարած իր հովուապետական այցելութեան երրորդ օրը Արամ Ա. կաթողիկոս դասախօսութիւն մը տուաւ Քուէյթի համալսարանին մէջ` նիւթ ունենալով «Քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնը եւ հանդուրժողականութիւնը»:

Համալսարանի տնօրէնութեան, դասախօսներուն եւ ուսանողներուն ներկայութեան իր տուած դասախօսութեան սկիզբը, վեհափառ հայրապետը նախ յիշեցուց, որ քրիստոնէութիւնը եւ իսլամութիւնը` իբրեւ միաստուածեան կրօններ, իրենց հիմքը կը նկատեն աստուածային յայտնութիւնը: Աստուածային յայտնութիւնը քրիստոնէութեան եկած է Աստուածաշունչին ճամբով, իսկ իսլամութեան` Քուրանի ճամբով: Հետեւաբար այն երկու կրօնները բարոյական, բարոյա- գիտական, հոգեւոր, ընկերային եւ աստուածաբանական հասարակաց սկզբունքներու, արժէքներու եւ ուսուցիչներու առընթեր, ունին նաեւ տարբերութիւններ: Հասարակաց ուսուցումները պէտք է աւելի խորացնել, իսկ տարբերութիւնները` յարգել, ըսաւ վեհափառ հայրապետը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.