«ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿ»Ի 2025-2026 ՈՒՍՈՒՄՆԱԿՐԹԱԿԱՆ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԲԱՑՈՒՄ

​Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Երկուշաբթի, 13 Հոկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան, Ֆանարի «Խորէն Ա. Կեդրոն»էն ներս տեղի ունեցաւ «Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»ի 2025-2026 ուսումնակրթական տարեշրջանի պաշտօնական բացումը:

​Բացման ներկայ էին Հիմնարկի ուսուցչական կազմն ու ուսանողութիւնը: Բացումը մեկնարկեցաւ ներկաներուն «Տէրունական Աղօթք»ի միահամուռ արտասանութեամբ: Հուսկ, Հիմնարկի տնօրէն Պրն. Ահարոն Շխրտըմեան ուսանողութեան ներկայացուց այս տարեշրջանին աւանդելի դասանիւթերը, ճշդուած դասապահերը, պաշտօնավարող ոսուցիչները, գրաւոր քննութեանց դրութիւնը, յառաջիկայ ծրագիրները եւ Հիմնարկի ընդհանուր կարգավիճակը: Պրն. Շխրտըմեան դիտել տուաւ, թէ այս տարեշրջանին պիտի կարեւորուի որակը, առաւել քան քանակը, արդ, աշակերտներէն խնդրուեցաւ առաւելագոյնս ճիգ թափել ճշդապահ եւ կեդրոնացած ըլլալու:

Կրթական եռամեայ ծրագիրին կը հետեւին 45 ուսանողներ:

Պաշտօնական բացումը անմահացաւ խմբանկարով մը, որուն յաջորդեց կոկիկ հիւրասիրութիւն մը:

Նշելի է, թէ դասընթացքները իրենց բնականոն ընթացքով պաշտօնապէս պիտի սկսին՝ Չորեքշաբթի, 15 Հոկտեմբեր 2025-ին: