ԱՐԱՄ Ա ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ. Կը յուսանք ու կ՚աղօթենք, որ «իրական» Հայաստանէն մասեր Շուշիի ճակատագրին չենթարկուին՝ խաղաղութեան կեղծ շպարի ետին
- (0)

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս խստօրէն դատապարտած է Շուշիի մէջ հայկական պատմա-մշակութային ժառանգութեան աղաւաղումն ու հայկական եկեղեցիները «աղուանական» ներկայացնելու շարունակուող փորձերը՝ զգուշացնելով, որ խաղաղութեան անուան տակ Հայաստանի այլ տարածքներ եւս կրնան նման ճակատագիրի ենթարկուիլ։
Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձած է ընկերային ցանցերուն վրայ տարածուած տեսերիզներուն, ուր օտարերկրեայ այցելուներ Շուշիի մէջ կը պարեն եւ կը շրջին հայկական պատմական վայրերուն մէջ՝ միաժամանակ լսելով բացատրութիւններ, որոնցմով հայկական եկեղեցիներն ու պատմա-մշակութային կոթողները կը ներկայացուին որպէս աղուանական ժառանգութիւն։
«Հայաստանի «բարեկամները» կը պարեն Շուշիի մէջ եւ «հիացումով» կը դիտեն ու կը լսեն՝ մեր սուրբերու աղօթքով, նահատակներու արիւնով ու ժողովուրդին ստեղծագործ ոգիով դարերու ընթացքին կանգնած մեր եկեղեցիները ու պատմա-մշակութային կոթողները որպէս Ալպանական կառոյցներ։ Պատմութեան ի՜նչ ահաւոր խեղաթիւրում մեր աչքերուն դիմաց», գրած է Արամ Ա. կաթողիկոս։
Ան ստեղծուած իրավիճակը որակած է իբրեւ հայկական անմիաբանութեան եւ անհեռատես քաղաքականութեան հետեւանք՝ ընդգծելով, որ Շուշիի մէջ տեղի ունեցողը միայն անցեալի կորստեան մասին չէ, այլ նաեւ զգուշացում ապագային համար։
Վեհափառ Հայրապետը յորդորած է, որ այս զարգացումները պէտք է հայութիւնը մղեն ինքնագիտակցութեան, համախմբման եւ հայրենիքի ու ազգի գերագոյն շահերուն շուրջ միասնական դիրքորոշում որդեգրելու։
«Կը յուսանք ու կ՚աղօթենք, որ «իրական» Հայաստանէն մասեր Շուշիի ճակատագրին չենթարկուին՝ խաղաղութեան կեղծ շպարի ետին», եզրափակած է Արամ Ա. կաթողիկոս։