Արամ Ա. Կաթողիկոս Իր Ցաւակցութիւնը Կը Յայտնէ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Հոգեւոր Պետին

20 մայիս 2024-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հոգեւոր առաջնորդին` այաթոլլա Ալի Խամենէիին յղած նամակով իր խոր ցաւակցութիւնը յայտնեց, ժամեր առաջ ուղղաթիռի արկածի հետեւանքով իրենց կեանքը կորսնցուցած Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ սէյիտ Իպրահիմ Ռայիսիի, արտաքին գործոց նախարարին, Արեւելեան Ատրպատականի կառավարիչին եւ իրենց ուղեկցող պետական անձնաւորութիւններու մահուան առիթով:

Վեհափառ հայրապետը նաեւ իր վշտակցութիւնը յայտնեց յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Իրանի հայ համայնքին, զոհուածներու ընտանիքներուն եւ Իրանի ժողովուրդին:

Վեհափառ հայրապետը յիշեց, որ Միջին Արեւելքի պատմութեան տագնապալից ներկայ ժամանակներուն Իրանի պետական պատասխանատուներուն ողբերգական մահը կրնայ նոր դժուարութիւններ ստեղծել ի խնդիր արդարութեան ու խաղաղութեան համար տարուող աշխատանքներուն: Վստահ ենք, որ Աստուծոյ օժանդակութեամբ կարելի պիտի ըլլայ յաղթահարել ներկայ տագնապը եւ երկիրը առաջնորդել դէպի առաւել զարգացում, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ արդարութեան վրայ հիմնուած ամբողջական ու մնայուն խաղաղութիւն:

 

Comments are closed.