Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի Եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչները
1572
0
Չորեքշաբթի, 18 օգոստոս 2021-ի երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ երկար հանդիպում մը ունեցան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեան եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեան:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան ընդհանրապէս սփիւռքի եւ յատկապէս Քալիֆորնիոյ հայութեան առնչուած հարցեր, նաեւ յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի հայութեան օժանդակութեան գծով կատարուող աշխատանքներուն: