Արամ Ա. եւ Աֆրամ Բ. քննարկեցին հայ եւ ասորի եկեղեցիներու յարաբաբերութիւնները ամրապնդելու կարելիութիւնները
7 Յուլիս 2021-ի երեկոյեան, Աթշանէի (Լիբանան) ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ Պատրիարքարանին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. եւ Ասորի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Ն.Ս. Իգնատիոս Աֆրամ Բ. հոգեւոր պետերուն միջեւ։ Հանդիպումին ներկայ էին երկու եկեղեցիները ներկայացնող եպիսկոպոսներ ու հոգեւոր հայրեր։
Հանդիպման ընթացքին թէ՛ Վեհափառ Հայրապետը եւ թէ Պատրիարքը անդրադարձան հայ եւ ասորի եկեղեցիներու ու ժողովուրդներու միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական յարաբերութեան եւ հասարակաց սկզբունքներուն ու արժէքներուն՝ դաւանակաբանական, մշակութային, միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական մարզերէն ներս։ Շեշտուեցաւ, թէ երկու ժողովուրդները զոհը դարձած են ցեղասպանութեան եւ, հետեւաբար, սերտ գործակցութեամբ պէտք է շարունակեն իրենց արդար պահանջքը։ Այս առիթով նաեւ ընդգծուեցաւ երկու եկեղեցիներուն միջ-եկեղեցական գործակցութիւնը աւելի ամրացնելու հրամայականը՝ տեղական, շրջանային ու միջազգային մակարդակներու վրայ։