Ատրպէյճան Ռուբէն Վարդանեանի Դէմ Շինծու Նոր Մեղադրանք Մը Ներկայացուց

տրպէյճան նոր «մեղադրանք» մը ներկայացուց Պաքուի մէջ անօրինաբար պատանդ պահուող Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի դէմ, յայտնեցին ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:

Վարդանեան այժմ «կը մեղադրուի նաեւ արտասահմանի մէջ ատրպէյճանցի դիւանագէտներու դէմ «Նեմեսիս-2» ահաբեկչական գործողութեան նախաձեռնելուն մէջ»: Յաջորդ  դատական  նիստը տեղի պիտի ունենայ 17 Փետրուարին:

Կեղծ դատավարութեան ընթացքին, Վարդանեան յայտարարեց, որ կը հրաժարի ատրպէյճանցի պաշտպանէն, եւ որ իր իրաւունքները պիտի պաշտպանէ միայն պայմանագիրով իր փաստաբան Էպրըհեմ Պըրմըն:

Յիշեցնենք, որ Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչները եւ քաղաքացիները Պաքուի դատարանին մէջ կը մեղադրուին «ահաբեկչութեան», «ռազմական յանցագործութիւններու», «ցեղասպանութեան» եւ այլ «յանցանքներու» մէջ: