Ատրպէյճան կը շարունակէ քանդել Շուշիի Ղազանչեցոց Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ քրիստոնէական ժառանգութիւնը
Թելեկրամեան որոշ ատրպէյճանական ալիքներ Ապրիլ 15-ին տարածեցին Շուշիի Ղազանչեցոց Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ «վերականգնման» լուսանկարներ, նշելով որ աշխատանքները կրկին վերսկսած են եւ կը կատարուին տանիքին ու վնասուած պատերուն նորոգման աշխատանքները:
Սակայն լուսանկարներէն ակնյայտ է, որ ատրպէյճանական կողմը քանդած է երկթէք ճակատներէն մէկուն վրայի խաչաձեւ լուսամուտը եւ անկէ վեր գտնուող պատկերաքանդակը:
Ղազանչեցոց տաճարին իւրաքանչիւր ճակատին վրայ կայ նման խաչաձեւ լուսամուտ եւ պատկերաքանդակ: Արեւմտեան ճակատին քանդակը կը ներկայացնէր «Խաչակիր Քրիստոս»ը թեման՝ համապատասխան արձանագրութեամբ:
44-օրեայ պատերազմի ժամանակ ատրպէյճանական ռմբահարումէն ետք վնասուած էր եկեղեցւոյ նաեւ հարաւային ճակատը՝ խաչաձեւ լուսամուտով: Այդ մէկը յստակօրէն կ’երեւի 2020 թուականի Հոկտեմբերին առնուած լուսանկարներուն մէջ: Ուստի ակնյայտ են տաճարին մանրամասնութիւններուն ուղղակի աւերման եւ ձեւափոխման աշխատանքները, որոնք կը դրսեւորուին տաճարին չակերտաւոր վերականգնման սկիզբէն ի վեր:
Comments are closed.