Տեղի ունեցաւ հայ-ատրպէյճանական սահմանազատման յանձնաժողովներու 13-րդ հանդիպումը
- (0)

Այսօր առաւօտեան ժամը 10-ին Հայաստան ժամանեց Ատրպէյճանի պատուիրակութիւնը՝ փոխվարչապետ Շահին Մուստաֆաեւի գլխաւորութեամբ։ Ան նաեւ Ատրպէյճանի սահմանազատման յանձնաժողովի նախագահն է։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի եւ Շահին Մուստաֆաեւի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովներու 13-րդ նիստը։
Հանդիպման ընթացքին կողմերը մանրամասն քննարկեցին սահմանազատման գործընթացին վերաբերող կազմակերպչական եւ թեքնիքական հարցերը։ Միաժամանակ համաձայնեցուցին եւ փոխանակեցին հետեւեալ ուղեցոյցներու նախագիծերը՝ սահմանազատման փորձագիտական խումբերու աշխատանքի կարգի մասին, սահմանազատման քարտէսի կազմութեան կարգի մասին եւ սահմանազատման փաստաթուղթերու ձեւակերպման եւ հրապարակման կարգի մասին։
Կողմերը համաձայնութիւն յայտնեցին դիմելու իրենց կառավարութիւններուն՝ վերոյիշեալ ուղեցոյցներու հաստատման նպատակով։ Հանդիպման արդիւնքով ստորագրուեցաւ համապատասխան արձանագրութիւն։
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, թէ կողմերը կարծիքներ փոխանակեցին փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շուրջ։ Անդրադարձ եղաւ բեռներու տարանցման ընթացքին, որ ըստ կողմերու՝ կը շարունակուի Ատրպէյճանի տարածքով, ինչպէս նաեւ նավթամթերքի մատակարարումին՝ դէպի Հայաստան։
Նաեւ տեղի ունեցաւ քննարկում գործարար շրջանակներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ՝ առեւտրատնտեսական համագործակցութեան զարգացման, ապրանքներու եւ ծառայութիւններու փոխադարձ մատակարարումներու եւ տարանցիկ փոխադրումներու վերաբերեալ։
Յատուկ ընդգծուեցաւ, որ ձեռք բերուած արդիւնքները կը կապուին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի քաղաքական կամքին հետ։
Կողմերը պայմանաւորուեցան յաջորդ հանդիպման թուականը համաձայնեցնել աշխատանքային կարգով, որ տեղի պիտի ունենայ Ատրպէյճանի մէջ։
Սահմանազատման յանձնաժողովները նախորդ անգամ հանդիպած էին անցեալ տարուան նոյեմբերին՝ Կապալայի մէջ, ուր համաձայնութիւն գոյացած էր յաջորդ նիստը Հայաստանի մէջ կազմակերպելու շուրջ։