Ատրպէյճանի Մէջ Դարձեալ Կը Խօսին Այսպէս Կոչուած «Արեւմտեան Ատրպէյճան» Վերադառնալու Մասին
- (0)

Ատրպէյճանական «Modern.az»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ատրպէյճան» համայնքի նախագահ եւ պատգամաւոր Ազիզ Ալաքպարլի յայտարարեց, որ, ի տարբերութիւն շատերուն, ինք մտադիր չէ ծափահարելու Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վերջին շրջանին կառուցողական ինչ-որ քայլերու ձեռնարկելուն կամ նախաձեռնելուն համար:
«Փաշինեան այն Փաշինեանն է, որ իր կառավարումի առաջին տարիներուն Ատրպէյճանի տարածքը բազմաթիւ անգամներ ռմբակոծած է Հայաստանի կողմէ: Ի՞նչ եղաւ հիմա, Փաշինեան փոխուեցա՞ւ եւ հրեշտա՞կ դարձաւ: Ո՛չ, Փաշինեան նոյն Փաշինեանն է: Տարբերութիւնը այն է, որ Փաշինեան եւ անոր կողմնակիցները հիմա կը հասկնան, որ Ատրպէյճան ուժեղ պետութիւն է, ունի ուժեղ նախագահ մը: Հայաստան այլ ելք չունի, բացի Ատրպէյճանի եւ անոր նախագահին հետ հաշիւի նստելէ: Թշնամանքի ուղին կրնայ կասկածի տակ դնել հայկական պետութեան գոյութիւնը: Առ այդ, գլխուն վերեւը Հայաստանի 29,8 հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածքի քարտէսի մանրակերտը բարձրացնելով՝ ան իր ժողովուրդին կոչ կ՛ուղղէ՝ փրկելու իր ունեցած հողերը եւ այժմ կը փորձէ իրական քայլերու ձեռնարկել այդ ուղղութեամբ: Բնական է, որ շուտով պիտի կառուցուին Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան կապող գիծեր: Ասիկա ի շահ Հայաստանի է», ըսաւ Ալաքպարլի՝ ողջունելով Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն նախաձեռնութիւնները եւ քայլերը՝ հակամարտութեան կարգաւորման գծով՝ յոյս ունենալով, որ անոնք պիտի նպաստեն հայ եւ ատրպէյճանցի ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման:
«Անշուշտ, ասիկա ցաւոտ գործընթաց է, կան հարիւր հազարաւոր գաղթականներ եւ ներքին տեղահանուածներ, որոնք տեղահանուած են իրենց հայրենիքէն եւ տասնամեակներով անթիւ դժուարութիւններ ապրած են. մենք ունինք աւելի քան 20 հազար նահատակներ, տասնեակ հազարաւոր հաշմանդամներ, ասոնք այնպիսի բաներ չեն, զորս կարելի է մոռնալ երեք կամ հինգ օրուան ընթացքին: Աւելի՛ն, կան մօտ 500 հազար գաղթականներ «Արեւմտեան Ատրպէյճան»էն եւ անոնց զաւակները, որոնք դաժանօրէն արտաքսուած են իրենց ծննդավայրէն վերջին տեղահանման ընթացքին», պնդեց Ալաքպարլի, ըստ որուն, հայերը պէտք է անվերապահօրէն ընդունին Ատրպէյճանի բոլոր պայմանները, ներողութիւն խնդրեն Ատրպէյճանի պետութենէն եւ ժողովուրդէն, փոխհատուցեն մարդոց եւ անոնց ունեցուածքին հասած վնասը եւ բարձր մակարդակով ապահովեն գաղթականներուն խաղաղ վերադարձը Արեւմտեան Ատրպէյճանի իրենց հայրենի գիւղերը եւ տուները»։