Ատրպատականի Թեմի Առաջնորդը Ընդունեց Հայաստանի Մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Նորանշանակ Դեսպանը

31 հոկտեմբերին Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեան Ազգային առաջնորդարանի «Էմիլ Յակոբեան» սրահին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ նորանշանակ դեսպան Խալիլ Շիրղոլամիի այցելութիւնը:

Սրբազանը շնորհաւորեց նորանշանակ դեսպանը` յատկապէս ներկայ ժամանակներու մէջ անոր քաղաքական ու դիւանագիտական առաքելութեան յաջողութիւն մաղթելով:

Սրբազանը անդրադարձաւ Իրան-Հայաստան դարաւոր բարեկամական կապերուն, որոնք սերտացած էին յատկապէս Հայաստանի անկախութենէն ետք` սահմանային կապով ու դիւանագիտական յարաբերութեամբ:

Թեմական խորհրդի ատենապետ Գագիկ Ճորճեանը խօսք առնելով` ներկայացուց  Ատրպատականի հայոց թեմի եկեղեցական ու վանական ժառանգութիւնը, ինչպէս նաեւ այն դարաւոր առաքելութիւնը, որ Հայ եկեղեցին կը շարունակէ կատարել քրիստոնեայ աշխարհի հնագոյն վայրին մէջ: Ան Թեմական խորհուրդին անունով պատրաստակամութիւն յայտնեց մնայուն կապի եւ փոխադարձ յարաբերութեան սերտացման համար:

Դեսպանը իր ուրախութիւնը յայտնեց սոյն այցելութեան եւ ծանօթացման համար` խորապէս վերլուծելով կրօնի եւ քաղաքական կեանքի այն տիպար օրինակը, որ ցոյց կու տայ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը: Ան անդրադարձաւ Իրան եւ Հայաստան կապերու սերտացման կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ ակնարկեց ժողովրդային փոխադարձ այցելութիւններու` յատկապէս Իրանի տարբեր թեմերու տարածքներուն մէջ գտնուող հայոց վանքերու այցելութիւնները քաջալերական համարելով:

Առաջնորդը եւ դեսպանը անդրադարձան նաեւ Հայաստանի մէջ տիրող հակաեկեղեցական իրավիճակին` մտահոգիչ եւ անբաղձալի համարելով հայ ժողովուրդի ներազգային իրավիճակը:

Բարեմաղթութեան խօսք արտասանեց նաեւ Կապանի մէջ Իրանի հաւատարմատար Ապետինը` յարատեւ համագործակցութեան եւ փոխադարձ այցելութեան խոր ցանկութեամբ: