Առաջնորդ Սրբազան Հօր Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան պատգամը
- (0)

ԱՆՄԱՀԱԿԱՆ ԼՈՅՍԻՆ ՄԱՐԴԵՂԱՑՈՒՄԸ
«Այն ժողովուրդը որ խաւարի մէջ կ՚ապրէր, մեծ լոյս մը տեսաւ.
եւ մահուան աշխարհին ու շուքին մէջ ապրողներուն վրայ լոյս ծագեցաւ»
(Մատթ. 4.16, Ես. 9.2)։
Ամենամեծ աւետիսը կեանքին. յաւիտենական ու անմահական Լոյսը ծագեցաւ խաւար աշխարհի մէջ։ Իսկ Դաւիթ կը վկայէ. «Խաւարին մէջ լոյս ծագեցաւ արդարներուն համար»։
Աստուածաշունչը ի սկզբանէ կը վկայէ մեզի Աստուածորդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի Յաւիտենական Ծնունդի մասին։ Սաղմոսասաց մարգարէն կը մէջբերէ Աստուծոյ յստակ յայտարարութիւնը .«Իմ որդիս ես դուն, այսօ՛ր քեզ ծնայ»։ Սա խօսուն վկայութիւն է ոչ թէ սահմանեալ ժամանակի մը իրողութեան մասին, այլ յաւետենականութեան մասին։ Աստուածաշնչական վկայութիւնները բազում են. Յովհաննէս առաքեալի վկայութեամբ «Բանը՝ Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսը աշխարհի ստեղծագործութենէն առաջ գոյութիւն ունէր։ Ան Աստուծոյ հետ էր եւ Աստուած էր»։ Իսկ Պօղոս ԱռաքեալԿողոսացիներուն կը զգուշացնէ սխալ վարդապետութիւններէ, միաժամանակ քրիստոնէական ճշմարիտ պատգամը կու տայ վկայելով. «Քրիստոս ինք՝ տեսանելի պատկերն է աներեւոյթ Աստուծոյ. Հօրը Որդին, ծնած համայն ստեղծուածներէն առաջ» (Կող 1.15)։ Մէկ խօսքով Ան ստեղծուած չէ, այլ ծնած՝ անսկիզբ եւ անճառելի։
Այսօր, երբ բեթղեհէմեան աստղի առաջնորդութեամբ կ’երթանք մսուր եւ ականատես կ’ըլլանք սքանչելի խորհուրդին, յաւիտենական, մշտնջենական, անկորնչելի եւ անմահական Լոյսին, ականատես կ’ըլլանք Աստուծոյ մարդեղութեան, թէ ինչպէս մեզի պէս մարմին զգեցաւ, ծնաւ եւ յայտնեցաւ, որպէսզի մենք վերադառնանք Իրեն։ Մարդեղացումը յստակօրէն կը բացայայտէ մեզի թէ՝ Յաւիտենական Որդին ժամանակի մէջ մտաւ, անսահմանելին սահմանուեցաւ, անբաւելին խանձարուրով պարուրուեցաւ, անտեսանելին՝ տեսանելի դարձաւ, որպէսզի մենք այս խաւար աշխարհին մէջ տեսնենք փրկութեան լոյսը։
Դարձեալ Պօղոս Առաքեալն է, որ գաղատացիներուն բարձրաձայնելով կը ջանայ մոլորեցնող ուսուցումներէ հեռացնել եկեղեցւոյ անդամները եւ վերադարձնել զիրենք ճշմարիտ հաւատքին. «Բայց հիմա յարմար ժամանակը հասած համարելով, Աստուած աշխարհ ղրկեց իր Որդին, որ կնոջմէ ծնաւ եւ Օրէնքին տակ ապրեցաւ, որպէսզի մեզ Օրէնքին գերութենէն փրկէ եւ Աստուծոյ որդիներ դարձնէ» (Գաղ 4.4)։ Այս վկայակոչումը այն ճշմարտացիութիւնն է, որ օրէնքը գործադրելով չէ որ մարդ կ՚արդարանայ, այլ միայն՝ հաւատքով։
Հայ եկեղեցւոյ որպէս հաւատացեալներ եւ անդամներ, «Հաւատոյ Հանգանակին» մէջ յստակ կերպով կը խոստովանինք ու կը դաւանինք, թէ «Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոսը Աստուծոյ Որդին է, Հօրմէ ծնած բոլոր ժամանակներէն առաջ, լոյս լոյսէ, ճշմարիտ Աստուած՝ ճշմարիտ Աստուծմէ, ծնած և ոչ թէ արարած», հաստատապէս հաւատալով, որ «Ամէն բան իրմով գոյացաւ. վասն մերոյ փրկութեան՝ իջեալ ի յերկնից՝ մարմանացաւ, մարդացաւ, ծնաւ կատարելապէս ի Մարիամայ Սրբոյ կուսէն՝ Հոգւովն Սրբով…»։
Տօնական այս օրերուն դարձեալ կը հնչէ բարի լուրը, մեծագոյն աւետիսը՝ Յաւիտենական Լոյսին յաղթանակը։ Մարդկութեան մսուրը՝ Բեթղեհէմը ընդունեց Լոյսը, կենդանի Աստուածը։
Այո՛, Յաւիտենական ու Անմահական Լոյսը աշխարհ եկաւ լուսաւորելու մարդը, զայն լոյսի, ճրագի վերածելու, որ իր կարգին յաղթէ խաւարին եւ լուսաւորէ աշխարհը, լուսաւորէ խաւարի մէջ բնակող մարդկութիւնը։ Խաւարը փարատելու եւ մեր շրջապատը լուսաւորելու համար նախապայման է, որ մենք ճանչնանք Լոյսը։ Եւ ի՞նչպէս կրնանք ճանչնալ Լոյսը եթէ ոչ Աւետարանի ճշմարտութեան հետեւելով, Աւետարանը դարձնելով մեր հանապազօրեայ հացը։
Արդարեւ, Քրիստոս ծնաւ որպէսզի մենք վերածնինք։ Քրիստոսի Ծնունդը միայն պատմական դէպք մը չէ, այլ մեր վերածնունդի աղբիւրը, մեզ փոխակերպող ուժը։ Ինչպէս Պօղոս Առաքեալ կը յիշեցնէ որ Աստուած հրամայեց. «Խաւարին մէջ լոյս թող ծագի», եւ այդ լոյսը ճառագայթեց մեր սրտերուն մէջ (Բ Կոր. 4.6)։
Դառնանք Բեթղեհէմի աստղին, որ մեզ եւս հովիւներուն ու մոգերուն նման առաջնորդէ դէպի մարդկութեան այն մսուրը, որ խորապէս հաշուետուութեան մարտահրաւէր է մեզի համար՝ մեծ հրաւէր իւրաքանչիւրիս վերադառնալու Լոյսին։
Եկէ՛ք մերժենք խաւարը եւ ընդունինք Անմահական Լոյսը։
Ձեզի եւ Մեզի Մեծ Աւետիս՝
Քրիստոս Ծնաւ Եւ Յայտնեցաւ։
Աղօթարար՝
ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի