Առաջնորդ Սրբազան հայրը Վանգուվըրի համայնքին հետ
615
0
Կիրակի, 10 Դեկտեմբեր 2023-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ․ Տ․ Բաբգէն Արք․ Չարեան Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Վանգուվըրի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամին մէջ ողջունեց Հոգեւոր Հովիւն ու հոգաբարձութիւնը, եկեղեցւոյ բոլոր ծառայողները եւ Հայ Կեդրոնէն ներս գործող բոլոր միութիւնները։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ այսօրուայ աշխարհի տագնապներուն, դժուարութիւններուն եւ յատկապէս Հայ կեանքէն ներս անցնող եւ ներկայ իրադարձութիւններուն, մեր կեանքը յուզող ու երբեմն վտանգող երեւոյթներուն մասին։ Սակայն, այսօր բոլորին դիմաց յիշեց պատգամը Քրիստոսի իր աշակերտներուն եւ անոնց ընդմէջէն մեզի ուղղուած, չվհատելու, չտկարանալու, չյուսահատելու, այլ ընդհակառակը՝ մեր հաւատքը ամրացնելու եւ կամքերը պրկելու ալեկոծեալ եւ փոթորկոտ աշխարհին մջէ, դիմակայելու եւ յաղթահարելու բոլոր տեսակի դժուարութիւնները։
2023 տարուան աւարտին, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս հրաւիրեց հաշուետուութիւն մը կատարելու եւ անցեալի սխալները չկրկնելու եւ նոր ռազմավարութիւն ճշդելու յանուն մեր համայքներու վերակենսաւորման, յանուն մեր Հայրենիքի հզօրացման, յանուն մեր եկեղեցւոյ պայծառացման եւ մեր ժողովուրդի յարատեւ գոյատեւման։
Սուրբ պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ Հոգեհանգստեան արարողութիւն մեր բոլոր նահատակներուն եւ յատկապէս երկրաշարժի զոհերու յիշատակին։
Ս. Պատարագէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախագահեց եկեղեցւոյ սրահէն ներս կազմակերպուած ձեռնարկին, ուր Հայ Օգնութեան Միութեան միօրեայ վարժարանի աշակերտները փունջ մը երգերով հանդէս եկան եւ դպրաց դասի անդամներ երաժշտական կտորներ ներկայացուցին։ Ձեռնարկի ընթացքին, յիշատակուեցաւ Վանգուվըրի ՀՄԸՄի մասնաճիւղին մասնակցութիւնը Մոնթրէալի մէջ կազմակերպուած ՀՄԸՄի մրցաշարքերուն։
Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր հայրական պատգամը ուղղեց գնահատելով հանդիսութեան մասնակիցները եւ մանաւանդ ՀՕՄի միօրեայ վարժարանի ուսուցչական կազմի նուիրումը, շեշտելով վարժարանին կարեւորութիւնը համայնքի կեանքէն ներս յանուն սերունդներու դաստիարակութեան։
Իր այցելութեան ընթացինք, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս հանդիպումներ ունեցաւ Հայ Կեդրոնէն ներս գործող միութիւններու ներկայացուցիչներուն, հոգաբարձութեան, եւ համայնքի զաւակներուն հետ։
Comments are closed.