Առաջնորդ Սրբազան Հայրը «Ս. Ղեւոնդ Երէց» Շքանշան Շնորհեց Հ.Մ.Ը.Մ. Թորոնթոյի Սկաուտներուն
Հովանաւորութեամբ եւ տնօրինումով Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը, համախորհուրդ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան հետ, 2019-ին հաստատեց «Ս. Ղեւոնդ Երէց» կրօնական շքանշանը, որպէս խթան հայեցի ու քրիստոնէական կազմաւորման վսեմ առաքելութեան։
Այս առթիւ, Ազգային Առաջնորդարանը պատրաստեց ու հրատարակեց գրքոյկ մը, որ կը բովանդակէր քրիստոնէական, կրօնաեկեղեցական, աստուածաշնչային, պատմական եւ ազգային նիւթեր: Նշենք, որ գրքոյկի օրհնութեան իր խօսքին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կը շեշտէր.- «Այսօր, առաւել եւս կարեւոր է, որ հայ եկեղեցւոյ զաւակ մը հարստանայ ու զինուի կրօնական ու ազգային գիտելիքներով եւ յաղթահարէ ամէն տեսակի մարտահրաւէրներ, որոնք կը խաթարեն մեր ազգային արժէքները»:
«Ս. Ղեւոնդ Երէց» կրօնական շքանշանի առաջին դասընթացքը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 27 Ապրիլ 2019-ին, Մոնթրէալի ու Լաւալի սկաուտներուն համար, իսկ երկրորդը՝ Կիրակի, 16 Յունիս 2019-ին, Թորոնթոյի եւ Գէմպրիճի սկաուտներուն համար: Մասնակից էին մօտաւորապէս 100 սկաուտներ:
Դասընթացքներն ու դասախօսական նիւթերը բովանդակալից ու հմուտ կերպով ներկայացուց Արժանապատիւ Տ. Տաթեւ Աւագ Քահանայ Միքայէլեան:
Արդարեւ, Կիրակի, 2 Փետրուար 2020-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հանդիսապետեց Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, որուն ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց թեկնածուները եւ «Ս. Ղեւոնդ Երէց» շքանշան շնորհեց անոնց։
Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը առաջին հերթին գնահատեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մեծ ընտանիքն ու շքանշանի արժանացած սկաուտները, ընդգծելով, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը այն միութիւնն է, որ «Բարձրացի՛ր, Բարձրացո՛ւր» եւ «Առողջ միտք՝ առողջ մարմինի մէջ» կարգախօսերուն կողքին, իր սկաուտական շարքերուն կը սորվեցնէ կարգապահութիւն, հնազանդութիւն եւ մանաւանդ հաւատարմութիւն՝ Աստուծոյ, հայրենիքին ու ազգին: Ան գնահատեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային Վարչութիւնը, որ պատրաստակամութիւն յայտնեց քաջալերելու իր սկաուտները մասնակցելու այս դասընթացքին եւ արժանանալու «Ս. Ղեւոնդ Երէց» կրօնական շքանշանին, ապա, աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ անխափան ու անվտանգ պահէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաքելութիւնն ու հայակերտումի գործը, եւ Իր Ս. Աջը հովանի պահէ այս միութեան վրայ: «Հ.Մ.Ը.Մ.-ի դրօշը միշտ բարձր մնայ մեր Հայրենիքին ու արտերկրի օճախներուն վերեւ ու մեր քայլերը առաջնորդուին դէպի մեր հայրենական ու ազգային տենչերու իրականացումը» եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազանը:
Նշենք, որ Փետրուար 9-ին՝ Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, իսկ Փետրուար 16-ին՝ Լաւալի Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի թեկնածու սկաուտներուն եւս պիտի շնորհուի «Ս. Ղեւոնդ Երէց» շքանշանը:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ