Աջակցինք Հայ Դատի զօրընտիր բանակին. Խմբագրական
« Ի՞նչ է հայ ժողովուրդի քաղաքական գերագոյն նպատակը:
Կը պատասխանենք անվարան.- Հայ Դատի լուծումը»։
Սարգիս Զէյթլեան
Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը, տասնամեակներէ ի վեր Գանատայի մէջ գործող ազդեցիկ այն քարոզչատար կազմակերպութիւնն է, որուն քաղաքական եւ դիւանագիտական շահաստացութիւնը ի սպաս դրուած է Հայաստանին, Արցախին, Ջաւախքին եւ գանատահայութեան։
Երկրի ամբողջ տարածքին ճիւղաւորուած իր կեդրոններով, յանձնախումբը իր գործունէութեան կիզակէտ ունեցած է հայ ժողովուրդի արդար դատն ու անոր անժամանցելի իրաւունքներու հետապնդումը, եւ այդ ծիրէն ներս գանատահայ համայքնին մէջ վառ պահած է մեր ազգային պահանջատիրութեան հանդէպ ինքնաճանաչողութիւնը։
Թրքական ուրացման քարոզարշաւներուն դէմ ճշգրտապատում կատարողն է, ատրպէյճանական հակահայ պատմական ճշմարտազանցութիւննները խափանողն է, գանատական քաղաքական բեմերուն վրայ հայանպաստ օրակարգ պարտադրող աննկուն Ճնշակն է։
Այսօր, Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութիւնը կը միտի բովանդակազրկել հայկական դատը, որպէսզի պատմական իր յանցագործութիւնը զերծ պահէ համաշխարհային իրաւական դաշտի դատաստանէն։ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի աշխարհակնլումը կ՚ընդգրկէ քարոզչական սպառազինուած պայքար Անգարայի եւ Պաքուի հակահայ նկրտումներուն դէմ։
Իր գործունէութեան ընթացքին, Հայ Հատի յանձնախումբը տիտանեան ձեռքբերումներ իրագործած է, 80-ական թուականներու նահանգային խորհրդարաններու Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումներէն մինչեւ 2002 եւ 2004 թուականներու Գանատայի վերին պալատի եւ դաշնակցային խորհրդարանի ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւերու ու օրինագիծերու իրականացումը, թուրք-ատրպէյճանական հայատեաց դաւերը սանձակոծելէն մինչեւ համայնական օրհասներու պահուն գանատահայութիւնը զօրաշարժելու պահերը։
Հայրենի պետութեան դիւանագիտական հիմնասիւները ամրագրող լծակներն են աշխարհասփիւռ ՀՅԴ Հայ Դատի յաձնախումբերը, որոնք տարբեր ցամաքամասերու վրայ անխոնջ կը մաքառին։ Ամերիկեան ցամաքամասի հիւսիսային հատուածի դարպասապահն է Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը, որուն կամաւոր գործիչները անձուրացութեամբ ծառայած են ու կը շարունակեն նպատակասլաց ծառայել Հայութեան Դատին։
Գանատայի օրէնսդիր եւ տարաբնոյթ պետական մարմիններու վրայ քարոզչական ճնշամիջոցներու գործադրումով՝ յանձնախումբը հետեւողական աշխատանքներով ու ճիգերով ի վերջոյ տիրացած է վերոնշեալ մարմիններու շահաւէտ որոշումներուն եւ հայանպաստ դիրքորոշում արմատաւորած անոնց մօտ։
Արցախեան պատերազմէն ետք, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի առաքելութիւնը յաւելեալ ծաւալ ստացած է, որուն նորագոյն օրինակը՝ գանատական ընկերութիւններու կողմէ Թուրքիոյ ռազմական սարքերու արտահանման ու վաճառման խափանումն էր։
Մայիս 16-ին, Մոնթրէալի հայկական համաշխարհային աջակցութեան կեդրոնը (ՄՀՀԱԿ-CAMAM) կազմակերպած է նուիրահաւաք, որուն հասոյթը պիտի նպատակաուղուի Օթթաուայի մէջ ՄՀՀԱԿ-ի նոր կալուած-շէնքի գնման։ Այս նոյն շէնքին մէջ պիտի տեղակայուի Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի նոր գրասենեակը:
Աջակցինք այս նուիրահաւաքին, թեւ ու թիկունք տանք պատնէշի վրայ մարտնչող Հայ Դատի զօրընտիր բանակին, կամաւորներու բանակին, որուն գաղափարախօսութեան ակունքը՝ համազգային շահերու եւ իղձերու ձեռքբերումն ու հայրենատիրութիւնն է։
Արցախահայութեան ոտնահարուած իրաւունքներու վերականգման համար, պահանջատիրութեան մեր երթը անխոցելի դարձնելու համար, հայութեան լինելութեան անվտանգութիւնը ամրագրելու համար, աջակցինք այս նուիրահաւաքին։
Խմբագրական «Հորիզոն»ի