Ապրիլ 24-էն մէկ ամիս առաջ…
- (0)
Խ. Տէր Ղուկասեան
… ՄԱՐՏ 24 Է:
Այդ օրը 49 տարի առաջ, 1976-ին, Արժանթինի մէջ զինուորականները պետական հարուածով մը իշխանութիւնը վերցուցին, եւ յաջորդ եօթը տարիներուն երկրին մէջ հաստատեցին Հարաւ Ամերիկեան ցամաքամասի ամենավայրագ բռնատիրութիւնը: Երեսուն հազար «անհետացածներ», տնտեսական աղիտալի քաղաքականութիւն, եւ 1982-ի Մալվինեան Պատերազմի պարտութիւն, որ բռնատիրութեան աւարտն ու ժողովրդավարութեան անցումը: Այս վերջին գործընթացը, որ տեւեց ամբողջ տարի մը եւ 1983-ին յանգեցաւ Րաուլ Ալֆոնսինի ընտրութեամբ Սահմանադրական կարգերու վերադարձին, ի տարբերութիւն տարածաշրջանի միւս երկիրներու մէջ, եւ թերեւս միջազգային մասշտապով, ժողովրդավարութեան անցումի գործընթացներու, յատկանշուեցաւ զինուորական խունթային հետ բանակցութեան մերժումով, ինքնաներման բեկանումով, մարդկային իրաւունքներու զանգուածային բռնաբարումներու հետաքննութեամբ եւ այդ հետաքննութեան ծնունդ տուած տեղեկագրին վրայ խունթայի պատասխանատուներու քրէական հետապնդում, դատավարութիւն եւ օրէնքի ուժով դատապարտում:
Յաջորդ քառասուն տարիներուն, արժանթինեան հասարակութեան եւ քաղաքական բոլոր ուժերուն մօտ առաջացաւ ընդհանուր համախոհութիւն՝ «Այլեւս Երբեք» թոյլատրել բռնատիրութեան վերադարձը, յանձնառու մնալ ժողովրդավարութեան, եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութիւնը վերածել երկրի միջազգային ներկայութեան ինքնութեան՝ արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին մէջ մնայուն կերպով հաստատագրելով թեման: Մարտ 24-ը, պաշտօնապէս հաստատուած որպէս Ճշմարտութեան եւ Արդարութեան Ազգային Յիշողութեան Օր, արտացոլեց հասարակական այդ համախոհութիւնը՝ «Այլեւս Երբեք»ին եւ ժողովրդավարութեան ու մարդկային իրաւունքներու յանձնառութեան, որ կը յատկանշուէր երկրի ամբողջ տարածքին զանգուածային զօրաշարժերով եւ բազմահազար քայլարշաւներով եւ ցոյցերով:
Լիպերթարական Խավիէր Միլէյին 2023-ին նախագահ ընտրուելով իշխանութեան հասան իր քաղաքական ուժին մաս կազմող հատուածներ, որոնք ոչ միայն մերժած էին «Այլեւս Երբեք»ի քաղաքահասարակական քառասնամեայ համախոհութիւնը, այլեւ ակտիւօրէն կը պայքարէին պատմական վերատեսութեան եւ մինչեւ իսկ պետական հարուածն ու բռնատիրութիւնը արդարացնելու ի խնդիր: Մարտ 24-ի դէմ այդ պայքարը անցնող երկու տարիներուն մաս կազմեց պետական մակարդակով յայտարարուած «մշակութային ճակատամարտ»ին, որ իր ընդհանուր գիծերուն մէջ նոյնն է ինչ Եւրոպայէն մինչեւ Հիւսիսային ու Հարաւային Ամերիկա թափ առած նոր Աջի, կամ, ինչպէս միջազգայնագիտական շրջանակներուն մէջ արդէն տեսականօրէն բանաձեւուած է, Յետադիմական Միջազգայնականի գաղափարախօսական գռոհին՝ Ազատականութենէն մինչեւ Ընկերվարութիւն տարածուող ժողովրդավար յառաջդիմական արժէհամակարգին, քաղաքական մտածողութեան եւ օրակարգին դէմ:
Ժողովրդավարութեան վերադարձէն 42 տարի յետոյ, եւ երկրորդ տարին ըլլալով, Մարտ 24-ը վերածուեցաւ իշխանութիւններու կողմէ պատմական վերատեսութեան եւ ժխտողականութեան հերթական նոր քարոզարշաւի եւ յանուն ճղմարտութեան, արդարութեան եւ յիշողութեան բազմահազարանոց ժողովրդային զօրաշարժի գաղափարախօսական բախումին:
Ժողովրդավարութեան վերադարձով, նոյնինքն Րաուլ Ալֆոնսինի նախագահութեան առաջին տարիներուն, Ցեղասպանութեան ճանաչման Հայ Դատի պայքարը ինքնահաստատման եւ յաջողութիւններու իրերայաջորդ հանգրուաններէ անցաւ հասնելու համար 2006-ին ընդունուած օրէնքին:
Ցեղասպանութեան արդարահատոյցի, Հայ Դատի պայքարին եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան նախանձախնդիր արժանթինահայ համայնքի կազմակերպութիւնները կամրջած են Մարտ 24-ն ու Ապրիլ 24-ը որպէս հայելային թուականներ, որոնք իրարու, եւ ընդհանրապէս մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ցեղասպանութեան կանխարգիլման համամարդկային պայքարին, հետ առընչուած են միեւնոյն յանձնառութեամբ:
Այս տարուայ Մարտ 24-ի ցոյցերուն մասնակցած համայնքային այդ կազմակերպութիւններու պարզած պաստառներուն վրայ տեղ գտած էին նաեւ Պաքուի մէջ դատուող հայ գերիներու ազատ արձակման ու բռնի տեղահանուած արցախահայութեան վերադարձի պահանջները: Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն զոհերու, 120 հազար բռնի տեղահանուած արցախահայութեան յիշատակումը տեղադրուած էր զինուորական բռնատիրութեան ցեղասպանութեան 30 հազար անհետացածներու թիւին կողքին:
Եւ թերեւս այս տարի Ցեղասպանութեան արդարահատոյցն ու Ճշմարտութիւն, Արդարութիւն, Յիշողութիւն գործընթացը իրարու հետ առընչուին նորագոյն մարտահրաւէրով մը. այնպէս ինչպէս Արժանթինի մէջ ներկայ իշխանութիւնները պատմութեան վերատեսութիւնը կը «հիմնաւորեն» զինուորական բռնատիրութեան ժամանակ «անհետացածներ»ու երեսուն հազար ընդհանրական թիւը հարցականի տակ դնելով, Հայաստանի մէջ իշխանութեան վրայ գտնուող քաղաքական ուժի մէկ ներկայացուցիչը կը կասկածի որ Ցեղասպանութեան զոհերու թիւը մէկուկէս միլիոն եղած ըլլայ եւ կ’առաջարկէ հաշուել զանոնք:
Եւ այնպէս ինչպէս Արժանթինի ներկայ իշխանութիւնները կ’ուզեն զինուորական բռնատիրութեան ժամանակ պատահած դէպքերու «ամբողջական պատմութիւնը» այն «հիմնաւորումով» որ քառասունամեայ հասարակաքաղաքական համախոհութիւնը «միակողմանիօրէն» ներկայացուցած է զայն, Հայաստանի Վարչապետը հայութեան բնաջնջումի ծրագրին ու գործադրութեան ընկալումը որպէս ցեղասպանութիւն կը համարէ քաղաքական նկատառումներով եղած բանաձեւում, որուն հիման վրայ ալ իրաւագիտական այդ յղացքը «Մեծ Եղեռն»ով փոխարինելու եւ ապաքաղաքականացնելու, օրակարգէ դուրս բերելու եւ լոկ արարողական ձեւականութեան եւ յաւուր պատշաճի, ոչ ոքի չանհանգստացնող հանրային խօսոյթի ծիրին մէջ որպէս «իրական» Հայաստանին ոչ մէկ «յաւելեալ արժէք» (Սինանյան տիքսիթ…) բերող «նախկին»ականութիւն տեղադրելու կը ձտգի: