Ապրիլ 23-ին Պիտի Կայանայ Հայոց Ցեղասպանութեան 110-րդ Տարելիցին Նուիրուած Աւանդական Ջահերով Երթը
- (0)

Հայոց Ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին ընդառաջ՝ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութիւնն ու «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնը կը կազմակերպեն աւանդական Ջահերով երթը, որ պիտի կայանայ Ապրիլ 23-ին՝ ժամը 19։15-ին: Երթը պիտի մեկնարկէ Հանրապետութեան հրապարակէն։
Ջահերով երթը կը խորհրդանշէ շարունակական պայքարը՝ ուղղուած Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ու դատապարտման՝ ընդդէմ ուրացման ու մոռացութեան։ Երթը նպատակ ունի յիշեցնելու, որ արդարութեան վերականգնման համար պայքարը մշտական է, որ միայն պայքարի, ինքնակազմակերպման եւ համազգային կամքի դրսեւորման իբրեւ արդիւնք մենք կրնանք ըլլալ պաշտպանուած՝ հեռու վանելով մէկ դարէ աւելի մեզի հետապնդող ցեղասպանութեան ուրուականը։
Այս տարի եւս, բոլոր ցանկացողները հնարաւորութիւն ունին մասնակցելու Ջահերով երթին որպէս ջահակիր: Ջահակիր դառնալու համար անհրաժեշտ է լրացնել առցանց յայտադիմումը` https://forms.gle/7kFBdhM6E9ZEUaL59։ Ջահակիր դառնալու համար յայտերը լրացնելու վերջնաժամկէտը Ապրիլ 20-ն է։
Երթը պիտի աւարտի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ, ուր մասնակիցները պիտի յարգեն Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը՝ վերահաստատելով պայքարի շարունակականութիւնը։