Ապու Տապիի մէջ տեղի ունեցած է Փաշինեան–Ալիեւ հանդիպում
- (0)

Այսօր Ապու Տապիի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ հանդիպում մը։
Հայաստանի կառավարութեան հաղորդմամբ՝ կողմերը պայմանաւորուած են շարունակել քննարկումները՝ երկկողմ առեւտրատնտեսական համագործակցութեան ընդլայնման հնարաւորութիւնները ուսումնասիրելու ուղղութեամբ։ Անոնք անդրադարձած են նաեւ TRIPP-ի, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ ենթակառուցուածքային նախագիծերու իրականացման հարցերուն։
«Հայաստանի վարչապետը եւ Ատրպէյճանի նախագահը վերահաստատեցին իրենց պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու համատեղ աշխատանքը երկու երկիրներու միջեւ խաղաղութեան ու կայունութեան աւելի ամրապնդման նպատակով եւ համաձայնեցան պահպանել շփումները՝ երկկողմ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին աջակցելու համար»,– նշուած է Հայաստանի կառավարութեան տարածած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ։
Նշենք, որ Փաշինեանն ու Ալիեւը Ապու Տապի մեկնած էին՝ մասնակցելու «Զայեդ» մարդկային եղբայրութեան 2026 թուականի մրցանակաբաշխութեան։