«Անհրաժեշտ է Երուսաղէմի կրօնական ու միջազգային նկարագիրը պահել՝ յարգելով իւրաքանչիւր կրօնի իրաւունքները». Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յունուար 18-ին, Եգիպտոսի մէջ Երուսաղէմի հարցին շուրջ կազմակերպուած միջազգային համագումարի առաջին նիստին, խօսք առնելով Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, թէ «անհրաժեշտ է յարգել միջազգային օրէնքի տուեալները ու պատմութեան ընթացքին նուիրագործուած աւանդութիւնները՝ Երուսաղէմը նկատելով սուրբ քաղաք միաստուածեան երեք կրօններու»։ Ապա Նորին Սրբութիւնը հետեւեալ 7 կէտերուն մէջ ամփոփեց իր տեսակէտը.-

1) Հարկ է միջազգային համայնքին յիշեցնել, որ Երուսաղէմի գրաւումը Իսրայէլի կողմէ լայն չափով այլափոխեց Երուսաղէմի նկարագիրը ու ներքին դրուածքը, յառաջացնելով իսլամ ու քրիստոնեայ բնակչութեան մօտ արտագաղթ ու նոյնիսկ խախտելով յիշեալ երկու կրօններու իրաւասութիւնները սրբատեղիներուն առնչուած, հակառակ միջազգային համայնքին ու Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան որոշումներուն։

2) Միակողմանի որոշումներ ու մենատիրական տեսակէտներ Երուսաղէմի գծով՝ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք նկատող եւ քրիստոնէութեան ու իսլամութեան ներկայութիւնը հարցականի տակ դնող, երբեք չեն նպաստեր շրջանէն ներս ամբողջական ու մնայուն խաղաղութիւն յառաջացնելու ձգտող ճիգերուն։

3) Երուսաղէմի նկատմամբ քաղաքական որեւէ մօտեցում կրնայ աւելի բարդացնել ու սրել ներկայ տագնապը։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ է ապաքաղաքականացնել Երուսաղէմի հարցը՝ Երուսաղէմը նկատելով մայրաքաղաքը միաստուածեան երեք կրօններուն, ինչպէս նաեւ միջազգային քաղաք՝ իսրայէլեան ու պաղեստինեան վարչական միացեալ հովանաւորութիւնը վայելող։

4) Երուսաղէմը դարերու ընթացքին եղած է երեք միաստուածեան կրօններու համագոյակցութեան քաղաք։ Հակառակ երբեմն յառաջացող ներքին զգայնութիւններու՝ սրբատեղիներու նկատմամբ անոնց ունեցած իրաւասութեանց շրջագծէն ներս, անոնք միշտ յանձնառու եղած են միջազգային ճանաչում ունեցող իրենց իրաւասութեանց իրավիճակին պահպանման։ Արդ, ինչ ալ ըլլայ Երուսաղէմի նկատմամբ առնուելիք որոշումը խաղաղութեան գործընթացքի ծիրէն ներս, երեք կրօններու իրաւասութիւնները ճշող իրավիճակը պէտք է պահել։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.