Անկախութիւնը Չպարպե՛լ Իր Իմաստէն (Սեպտեմբեր 21-ի Առիթով)

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ

Սեպտեմբեր 21-ը` Հայաստանի վերանկախացման տօնը, քանի մը տարիէ կը նշենք անսովոր պայմաններու մէջ:

Կը բացակային` անկախութեան բերկրանքը, պետականութեան հպարտանքը եւ ազգային ոգեւորութիւնը:

Հողային, մարդկային եւ ֆիզիքական յաջորդական կորուստները, ընդհանուր բարոյալքումը եւ ապազգային տրամադրութիւնները տօնի եւ տօնակատարութեան առիթ չեն տար: Հայութիւնը տակաւին չէ յաղթահարած մօտիկ անցեալի իր զոհերուն սուգը եւ իր վիրաւորներուն ու գերիներուն ցաւը:

Տխուր է մօտիկ անցեալը: Կարիքը կա՞յ վերյիշեցնելու զայն.

– Սեպտեմբեր 2020-ին` 44-օրեայ պատերազմ, Արցախի երեք չորրորդի կորուստ եւ 5000 զոհ:

– Մայիս 2021-ին ազրպէյճանական բանակի Սիւնիք ներխուժում եւ 71 քառ. քմ-ի բռնագրաւում (Սեւ լիճ-Իշխանասար, Ծղուկ-Ուղտասար, Ներքին Հանդ, Ծիծեռնաքար):

–  Օգոստոս 2022-ին` Երեւանի մէջ «Սուրմալու» առեւտրական կեդրոնի պայթում. 16 զոհ եւ 60 վիրաւոր:

– Սեպտեմբեր 2022-ին` ազրպէյճանական յարձակում Հայաստանի արեւելեան սահմաններուն վրայ: Թշնամին գրաւեց Ջերմուկէն 74 քառ. քմ, Գեղարքունիքէն` 76 քառ. քմ (Վարդենիս, Կախակն հատուածներ): Արձանագրուեցաւ 224 զոհ, 293 վիրաւոր եւ աւելի քան 20 գերի:

– Յունուար 2023-ին Գեղարքունիքի Վարդենիսի շրջանի Ազատ գիւղին մէջ հրդեհ` բանակի կացարանի մը մէջ: 15 զինուորներ զոհուեցան,  եւ 7 ուրիշներ վիրաւորուեցան:

– Սեպտեմբեր 2023-ին, ինը ամսուան ամբողջական շրջափակումէ ետք, Ազրպէյճան յարձակեցաւ եւ գրաւեց Արցախը: Սպաննուեցան 265 զինծառայողներ եւ 21 քաղաքացիներ: Անհետ կորսուեցան 14 հայորդիներ: Հայաստանի վարչապետը յայտարարեց, որ Արցախին օգնութիւն պիտի չցուցաբերէ պատերազմի մէջ չներքաշուելու համար: 120 հազար հաշուող հայութիւն մէկ շաբթուան ընթացքին տեղահան եղաւ իր պատմական բնօրրանէն: Տեղահանութեան ճամբուն վրայ մահացան 64 քաղաքացիներ: Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը գերեվարուեցաւ ու բանտարկուեցաւ: Հազարամեակներէ ի վեր, առաջին անգամ ըլլալով, Արցախը հայութենէ ամայացաւ:

Նոյն օրերուն պայթում մը ցնցեց Ստեփանակերտի վառելանիւթի պահեստանոցը: Արձանագրուեցաւ 238 զոհ եւ 290 վիրաւոր: Անհետ կորսուեցան 22 քաղաքացիներ:

– Ապրիլ 202՛4-ին, սահմանազատման անուան տակ, Հայաստան Ազրպէյճանի յանձնեց Տաւուշի մարզէն չորս գիւղ` փոխարէնը ստանալով ոչինչ:

Եւ դեռ, այս բոլորէն ետք կարելի՞ է տօնական մթնոլորտ ապրիլ:

Կարելի՞ է ուրախանալ, երբ մեր ժողովուրդը ահաւոր կերպով պառակտուած եւ իրերամերժ երկու հատուածի վերածուած է:

Հատուած մը, որ այսքան չարիքէ ետք տակաւին կը հաւատայ, որ հայութեան համար «Ապագայ կա՛յ», իսկ Հայաստանի համար` խաղաղութիւն: Կատարեալ անձնատուութեան ձեռք կ՛երկարէ ան թշնամիին` փոխարէնը գործակցութեան ձեռքը քաշելով իր հարազատ սփիւռքէն:

Իսկ երկրորդ հատուած մը, որ կը հաւատայ` անկախութեան ամբողջական իմաստին, հայկական վերածնունդին, դիմադրութեան եւ տարածաշրջանային նոր պայմաններու մէջ ժամանակակից, հզօր եւ զարգացած հայկական պետականութեան մը կերտումին:

Բախումը յստակ է այս երկու հատուածներուն միջեւ, եւ հարցը քաղաքական ընտրութեան հարց ըլլալէ առաջ` արժեհամակարգի ընտրութեան հարց է. կա՛մ հաւատարիմ մնալ մեր պատմական յիշողութեան, նահատակներու անմահ սխրանքին եւ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի քաղաքական հանգանակին, եւ կամ` անկախութեան գաղափարը օրէ օր աւելի պարպել իր իմաստէն ու արժէքէն` թշնամիին կատարուած անվերջանալի զիջումներով, պարտութեամբ եւ անձնատուութեամբ:

Մեր ընտրանքը, պատմութեա՛ն ընտրանքը, երկրորդն է, այլապէս մեր ժողովուրդը չէր կրնար 600 տարուան գերութենէ ետք 1918-ին պետականութիւն կերտել եւ 70 տարուան խորհրդային լուծէ ետք` 1991-ին զայն վերականգնել:

Մայիս 28-ի քաղաքական պատուանդանին վրայ խարսխուած սեպտեմբեր 21-ի կարեւորագոյն դասն է այս` արժանապատիւ ժողովուրդի մը, որուն համար Հայաստանի Հանրապետութիւնը եղած է ու կը մնայ բովանդակ հայութեան անկախ պետականութեան երազներուն մարմնաւորումը եւ վաղուան ամբողջական հայրենիքի մեծագոյն գրաւականը:

 

 

 

Comments are closed.