Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Հայրապետական պատարագով նշուեցաւ Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան տօնը

Մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդը եւ Աստուածայայտնութեան տօնը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։ Արդարեւ, Երեքշաբթի, 6 Յունուար 2026-ի առաւօտեան ժամը 10։00-ին, Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մատուցեց Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, կատարեց Քրիստոսի մկրտութիւնը խորհրդանշող ջրօրհնէքի արարողութիւն եւ համայն հայութեան յղեց իր հայրապետական պատգամը: Սուրբ Պատարագին, Վեհափառ Հայրապետին առընթերակայ եպիսկոպոսներն էին Մայր Տաճարի լուսարարապետ Գերշ. Տ. Սիփան Արք. Քէչէճեան եւ Կաթողիկոսարանի դիւանապետ Գերշ. Տ. Տաճատ Եպս. Աշըգեան: Սուրբ Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը՝ խմբավարութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի:

Նշենք, որ Սուրբ Պատարագին մասնակցելու նպատակով Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօրավար Ժոզէֆ Աուն ուղարկեց իր ներկայացուցիչը՝ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարուհի դոկտ. Նորա Պայրագտարեան։ Մեծաթիւ հաւատացեալներու կողքին Սուրբ Պատարագին մասնակցեցան նաեւ մեր Սուրբ Աթոռին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի անդամները, պաշտօնական անձնաւորութիւններ եւ զանազան կազմակերպութիւններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներ:

Յընթացս Սուրբ Պատարագին, լուսարարապետ սրբազան հայրը, «Լոյս ի լուսոյ» շարականին երգակցութեամբ, Միւռոնաթափ Աղաւնին Սուրբ Երրորդութիւն խորանէն առնելով՝ յանձնեց Վեհափառ Հայրապետին, որ, իր կարգին, կատարեց Քրիստոս մկրտութիւնը խորհրդանշող ջրօրհնէքի հոգեպարար արարողութիւնը։ Ապա, Նորին Սրբութիւնը յղեց իր հայրապետական պատգամը:

Առաջին հերթին, Հայրապետը Անթիլիասի Մայրավանքէն աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդի զաւակներուն աւետեց Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդը։ Ապա, անդրադառնալով օրուան խորհուրդին՝ ան ըսաւ, որ «դարեր առաջ, Բեթղեհէմի մսուրին մէջ տեղի ունեցաւ մարդկային պատմութեան մեծագոյն խորհուրդը, շարականին բառերով՝ «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի»: Երկինքը երկիր իջաւ, որպէսզի երկինքէն հեռացած երկիրը մօտեցնէ երկինքին: Աստուած մարդ դարձաւ, որպէսզի իրմէ հեռացած մարդը դարձեալ մօտեցնէ Իրեն։ Եդեմի դրախտը դարձած էր Աստուած-մարդ առաջին հանդիպման վայրը. միաժամանակ Եդեմը դարձած էր Աստուած-մարդ հեռացման վայրը՝ մարդուն մեղանչումով ու դրախտէն վտարումով: Բեթղեհէմը դարձաւ Աստուած-մարդ վերահանդիպման վայրը»:

Շարունակելով իր պատգամը՝ Հայրապետը կեդրոնացաւ Քրիստոսի մարդեղութեան խորհուրդին վրայ եւ յայտնեց, որ «Բեթղեհէմի մէջ Աստուծոյ Որդւոյն ծնունդը դարձաւ մարդուն վերածնունդը: Իր Միածին Որդւոյն ճամբով, Աստուած մարդկային բնութիւն առաւ, դարձաւ Աստուածամարդ, մարդուն վերամարդացման համար: Արդարեւ, Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղացումը էական էր մարդու վերամարդացման համար՝ մեղքի տիրապետութենէն անոր ազատագրման, մարդուն մէջ Աստուածային պատկերին ու նմանութեան վերականգման, մարդը դէպի փրկութեան ճամբան առաջնորդելու համար: Ինչպէս Աւետարանիչը կ՚ըսէ՝ Աստուած այնքան սիրեց մարդը, որ նոյնիսկ Իր Միածին Որդին ղրկեց՝ մեղքի մէջ խրած մարդուն ազատագրութեան համար (հմմտ. Յհ 3.16)»: Ան նաեւ մէջբերեց Քրիստոսի առաքեալներուն պատուէրը նորադարձ քրիստոնեաներուն՝ «մոռցէ՛ք հին մարդը՝ հին կեանքով, մտածումներով ու գործերով, ու եղէք նո՛ր մարդ»: Արդ, Բեթղեհէմը նոր մարդուն ծնունդն է: Ահա թէ ինչո՛ւ Քրիստոսի առաքեալները նորադարձ քրիստոնեաներուն յիշեցուցին՝ մոռցէ՛ք հին մարդը՝ հին կեանքով, մտածումներով ու գործերով, ու եղէք նո՛ր մարդ (հմմտ. Եփ 4։22):

Յորդորելով հաւատացեալները ամուր մնալու իրենց հաւատքին՝ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, որ Քրիստոսի հաւատալ կը նշանակէ նոր մարդ դառնալու յանձնառութիւնը ունենալ՝ հետեւելով Քրիստոսի աշխարհ բերած ճշմարտութիւններուն ու արժէքներուն: Մարդուն մէջ Աստուածաստեղծ մարդը՝ ճշմարիտ մարդը քանդող ներկայ ժամանակներուն, կենցաղակերպերուն ու գործելակերպերուն դիմաց, որպէս քրիստոնեաներ, մենք կոչուած ենք կառչած մնալու Բեթղեհէմի խորհուրդին ու պատգամին: «Ներկայ տարին հայրապետական հռչակագիրով յայտարարեցինք «Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգման Տարի»: Արդարեւ, մեր կեանքը հոգեւոր արժէքներով հարստացնել կը նշանակէ դառնալ Բեթղեհէմի մէջ ծնած Աստուծոյ Որդւոյն՝ զԻնք դաւանելով Փրկիչը աշխարհին եւ մեր «կեանքը, ճշմարտութիւնն ու ճամբան» (Յհ 14.6)», ըսաւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը։

Նորին Սրբութիւնը հայրապետական պատգամը եզրափակեց աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած, որպէսզի «Աստուծոյ Որդւոյն ծնունդն ու Աստուածայայտնութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքը լեցնեն երկնային բարիքներով ու Աստուածային օրհնութեամբ՝ մեր կեանքէն հեռացնելով ամէն տեսակ չար ու չարիք եւ մեր ժողովուրդը առաջնորդելով դէպի Քրիստոսով սկսած երկնային թագաւորութիւն»։

Սուրբ Պատարագէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց պաշտօնական անձնաւորութիւններուն եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն Նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան շնորհաւորութիւնները։