Անգարան պատրաստ է միջնորդելու Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ լարուածութեան թուլացման

Պաշտօնական Անգարա պատրաստակամութիւն յայտնած է միջնորդական դեր ստանձնելու՝ նպաստելու Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ առկայ լարուածութեան մեղմացման։ Այս մասին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան նշած է յունուար 30-ին Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքեանի հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին։ Տեղեկութիւնը կը փոխանցէ Anadolu լրատու գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով Թուրքիոյ նախագահականի հանրային կապերու վարչութեան։

Պաշտօնական հաղորդագրութեան համաձայն՝ երկու պետութիւններու ղեկավարները ընդարձակ քննարկում ունեցած են տարածաշրջանին մէջ սաստկացող ռազմական իրադրութեան եւ անկէ բխող անվտանգային սպառնալիքներուն շուրջ։ Էրտողան ընդգծած է, որ Թուրքիան պատրաստ է միջնորդելու՝ աջակցելու խնդիրներու կարգաւորման եւ տարածաշրջանային կայունութեան ամրապնդման գործընթացին։

Թուրքիոյ նախագահը նաեւ իր իրանցի գործընկերոջը տեղեկացուցած է, որ նոյն օրը Անգարայի մէջ պիտի հիւրընկալէ Իրանի արտաքին գործոց նախարարին՝ երկկողմ յարաբերութիւններու եւ տարածաշրջանային զարգացումներու շուրջ խորհրդակցութիւնները շարունակելու նպատակով։

Միւս կողմէ, այսօր Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարած է, որ Ատրպէյճան երբեք պիտի չթոյլատրէ իր ցամաքային կամ օդային տարածքներուն օգտագործումը Իրանի դէմ ուղղուած ռազմական գործողութիւններու համար։

Մինչ այդ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփ զգուշացուցած է Թեհրանը հնարաւոր նոր ռազմական հարուածներու մասին՝ նշելով, թէ ամերիկեան հզօր նաւատորմ մը կը շարժի դէպի Իրանի ափերը եւ պատրաստ է գործելու «արագութեամբ եւ կոշտութեամբ», եթէ Իրանը չվերադառնայ բանակցութիւններու սեղան։ Այս սպառնալիքները հնչած են Իրանի մէջ տեղի ունեցած ներքին բողոքի ցոյցերէն յետոյ, որոնք իշխանութիւններուն կողմէ ճնշուած էին խիստ ուժի կիրարկմամբ։

Ի պատասխան Ուաշինկթընի հռետորաբանութեան՝ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի շեշտած է, որ երկրի զինուած ուժերը ամբողջական պատրաստակամութեան մէջ են՝ հակադարձելու որեւէ յարձակման։ Ան յիշեցուցած է, որ «12-օրեայ պատերազմ»-էն քաղուած փորձառութիւնը Թեհրանին հնարաւորութիւն տուած է արձագանգելու աւելի վճռական կերպով։ Միեւնոյն ժամանակ, իրանական կողմը վերահաստատած է իր պատրաստակամութիւնը փոխշահաւէտ միջուկային համաձայնութեան հասնելու՝ ընդգծելով, որ միջուկային զէնքի ստեղծումը Իրանի ծրագիրներուն մաս չի կազմեր։