Անգարայի եւ իսլամ ահաբեկիչներու միջեւ կապերու մասին գաղտնի փաստաթուղթեր բացայայտուած են
Շուէտական “Nordic Monitor” կայքէջը հրապարակած է գաղտնի փաստաթուղթեր, որոնք կը հաստատեն այն պնդումները, թէ Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութիւնը՝ ՄԻԹ-ը, գաղտնաբար Թուրքիայէն Սուրիա փոխադրած է իսլամ ծայրայեղական զինեալներ եւ զինամթերք:
Կայքէջը կը նշէ, թէ 4 տարի առաջ տեղի ունեցած գաղտնի գործողութիւն մը բացայայտուած էր, երբ թուրք ոստիկաններ կանչուած էին խուզարկելու համար փոխադրակառքեր, որոնք կ՛օգտագործուէին ահաբեկիչները Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ մէկ կէտէ դէպի այլ կէտ փոխադրելու:
Երկու էջերէ բաղկացած եւ այդ օրերուն ՄԻԹ-ի փոխնախագահ, իսկ այժմ՝ Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Իսմայիլ Հաքքը Մուսայի ստորագրութիւնը կրող փաստաթուղթը կը նշէ. «Սուրիա իսլամ ծայրայեղականներ փոխադրելու տեղեկութիւնը պետական գաղտնիք է եւ զայն պէտք չէ հրապարակել»։
Ահաբեկիչները Սուրիա փոխադրուած են ՄԻԹ-ի կողմէ վարձուած փոխադրակառքերով, որոնք թրքական Աքչաքալէ սահմանային անցքէն Սուրիա մուտք գործած են առանց խուզարկուելու։
“Nordic Monitor” կը նշէ, որ այդ հարցով հետաքննութիւն կատարող թուրք ընդհանուր դատախազ Մուսթաֆա Սերլի «անծանօթ պատճառներով պաշտօնազրկուած է» եւ անոր տեղ նշանակուած նոր ընդհանուր դատախազ Ճումալի Թիւլիւ անմիջապէս փակած է հետաքննութիւնը՝ ըսելով. «Զայն շարունակելու պատճառ չկայ»:
Այս մասին լուրեր հրապարակած լրագրողներ եւս բանտարկութեան դատապարտուած են։