Այսօրուան Հիմնահարցերէն Է Հայաստանի Անվտանգութիւնը, Որով Իսկապէս Շահագրգռուած Է Նաեւ Իրանը

«ԱԼԻՔ»-ի հարցազրոյցը ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ
Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանի հետ

Հ.- Նախ ողջունում ենք Ձեր այցը իրանահայ հինաւուրց համայնք: Անմիջականօրէն Դուք մեզ մօտ էք այցելել Լիբանանից, որտեղ նոյնպէս մասնակցում էիք Անթիլիասում կայացած Ազգային Ընդհանուր ժողովին: Ո՞ր խնդիրներն ու օրակարգերը կուզէիք կարեւորութեամբ առանձնացնել, որոնք արծարծուել են տուեալ ժողովում:

Պ.-Շնորհակալութիւն: Ինծի համար ալ ուրախութիւն է գտնուիլ Իրանի մեր պատմական մեծ ու ճոխ անցեալ ունեցող համայնքին մէջ եւ ունենալ հնարաւորութիւնը միասնաբար քննարկելու իրանահայութեան կարիքները, մարտահրաւէրները եւ լուծումներու այլընտրանքները:

Այո, ես Թեհրան եմ ժամանած Լիբանանէն, ուր տեղի ունեցաւ Ազգային Ընդհանուր ժողովը Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերու մասնակցութեամբ եւ Արամ Ա կաթողիկոսի նախագահութեամբ: Ժողովը քննեց Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական եւ Կրօնական բաժիններու գործունէութեան տեղեկագրերն ու նիւթական հաշուեկշիռը եւ կատարեց ըստ էութեան քննարկում, որ եզրակացուեցաւ շըրջանաւարտ վարչութեան գործունէութեան գնահատանքով. ժողովը հաստատեց, որ Վեհափառն ու Ազգային վարչութիւնը կարողացած էին ծաւալել կրօնական, քաղաքական ու կազմակերպական բեղուն եւխիստ արդիւնաւէտ գործունէութիւն հակառակ համաճարակին, պատերազմին ու տընտեսական տագնապներուն առթած աղէտներուն. յատուկ կերպով շեշտւեցաւ կարեւորութիւնը տրամադրուած լայնածաւալ օժանդակութեան Միջին Արեւելեան տագնապահար համայնքներուն, նոր սերունդներու քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութեան համար տարուած գործին եւ Հայկական Հարցերը միջազգային կրօնական ատեաններէն բարձրացնելու հանգամանքին:

Ժողովը ապագայ գործունէութեան ճշտումի առնչութեամբ կեդրոնացաւ հինգ թեմաներու վրայ՝ «Հայ ընտանիքը՝ առանցքը հայու գոյութեան», «Հայակերտում՝ երաշխիքը հայու ինքնութեան», «Երիտասարդութիւնը՝ աւիշը Հայ կեանքին», «Սփիւռքը՝ մասնակից Հայաստանի ու Արցախի հզօրացման եւ Սփիւռքի վերակազմակերպման հրամայականը»: Եւ ժողովը որդեգրեց համապարփակ բանաձեւ, որ արդէն շուտով դուք եւս կը ներկայացնէք ձեր ընթերցողներուն:

Հ.- ՀՅԴ կառոյցները եւ մասնաւորապէս ՀՅԴ Բիւրոն մշտապէս կարեւորել են հարեւան ու բարեկամ Իրանի եւ ՀՀ-ի միջեւ յարաբերութիւնների ամրապնդումը: Ինչպիսի՞ն կը բնութագրէիք ներկայիս յարաբերութիւնները, հաշուի առնելով տարածաշըրջանում ընթացող ոչ այնքան բարենպաստ նկրտումները, որոնք ինչպէս ՀՀ-ի, նոյնպէս էլ Իրանի ազգային-պետական շահերի խաթարմանն են միտուած:

Պ.- ՀՀ յարաբերութիւններու խնդիրը Իրանի հետ էական նշանակութիւն ունի մեզի համար. ՀՅԴ-ն խիստ դրական կը գնահատէ Իրանի կարեւոր դերը տարածաշրջանին մէջ, ուր գործընթացները մեծ մասամբ թէ՛ Հայաստանի, եւ թէ՛ Իրանի համար ի նպաստ չեն ընթանար: Մեր Հայրենիքն ու Իրանը ունին շատ հասարակաց շահեր եւ միեւնոյն թշնամիները. միշտ չէ, որ ՀՀ այս իշխանութիւնները հարկ եղած ուշադրութիւնը տածած են այդ յարաբերութեան նկատմամբ: Անհրաժեշտ է այդ յարաբերութիւնները ամրապնդել ու զարգացնել: Մենք Իրանին յայտնած ենք մեր երախտագիտութիւնը Հայաստանի սահմաններու անձեռնմխելիութեան ի նպաստ եւ այսպէս կոչւած «Զանգեզուրի միջանցք»-ի դէմ ունեցած սկզբունքային եւ պինդ դիրքորոշումներուն համար: Կը գնահատենք նաեւ այն բարեացակամ կեցուածքը, որ ԻԻՀ-ն ունի Իրանի հայ համայնքին նկատմամբ: Կը հաւատանք, որ ՀՀ պարտի լրջօրէն դրական արձագանգ տալ ԻԻՀ-ի հայանպաստ նախաձեռնութիւններուն եւ որդեգրէ հնարաւորինս բազմաշերտ միասնական ծրագիրներ, որոնք կը նպաստեն երկու պետութիւններուն ալ: ՀՀ իշխանութիւնները առհասարակ զգուշաւոր դիրք են ցուցաբերած Իրանի նկատմամբ անհիմն մտավախութիւններով ու պատրուակներով: Այդ կացութենէն դուրս պէտք է գայ պաշտօնական Երեւանը: Այսօրուան հիմնահարցերէն է Հայաստանի անվտանգութիւնը, որմով իսկապէս շահագրգռուած է նաեւ Իրանը:

Հ.- Պրն. Տէր-Խաչատրեան, վերջերս նկատելիօրէն աշխուժութիւն է տիրում ՀՅԴ աշխարհասփիւռ կառոյցներում՝ միջազգային ատեաններում մշտարծած պահելու Արցախեան ոտնակոխուած իրաւունքների վերականգնումը: Ինչո՞վ է պայմանաւորուած այդ աշխուժութիւնը՝ մասնաւորապէս ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախմբերի կողմից:

Պ.-2020-ի պարտութիւնը, որքան ալ ահաւոր, մեզի համար լոկ ճակատամարտի մը կորուստ է. պատերազմը կը շարունակուի բոլոր ճակատներու վրայ եւ մենք տեւաբար կը պայքարինք ամէն մակարդակներով: Ազրպէյճանը կը յոխորտայ թէ Արցախի հարցը լուծուած է իրեն համար. մեզի ու աշխարհի համար այդ յոխորտանքը շատ հեռու է իրականութենէն: ՀՅԴ մարմիններն ու Հայ Դատի յանձնախումբերը սաստկացուցած են արշաւը ամենուրեք ի պաշտպանութիւն Արցախի ժողովուրդին եւ իրաւունքներուն:

Մեզի համար բացառուած է Արցախի բռնակցումը Ազրպէյճանին: Որքան ալ ներկայ կացութիւնը նպաստաւոր չըլլայ Արցախի հարցի անմիջական հանգուցալուծման համար, մենք գործելու ենք առաջին պլան բերել Արցախի հիմնահարցը եւ աշխարհին բացատրել, թէ Ազրպէյճանը ամէն միջոց կը գործադրէ հայութենէ դատարկելու Արցախը, ի հարկին նոյնիսկ նոր ցեղասպանութիւն կազմակերպելով: Վկայ՝ այս մի քանի օրերու Լաչինի միջանցքի փակումը եւ կազի մատակարարման դադարեցումը, որոնq Ազրպէյճանի կողմէ պետականօրէն կազմակերպուած քայլեր են վախի մթնոլորտ ստեղծելու եւ Արցախը հայաթափելու համար: Մեծապէս կը գնահատենք մեր աշխարհատարած մարմիններուն եւ Հայ Դատի յանձնախումբերուն հետեւողական եւ ժրաջան աշխատանքը, որ հարկ եղած արձագանգը միշտ տուած է աշխարհով մէկ: Պատրաստ ենք ամէն ինչ ընելու, որպէսզի Արցախի հայութիւնը ամուր կառչած մնայ իր բնօրրանին եւ համահայկական ճիգերով վերականգնի Արցախի Հանրապետութեանը՝ իր տարածքային ամբողջականութեամբ եւ զարգացման հնարաւորութիւններով:

Հ.- 44-օրեայ աղէտալի պատերազմից յետոյ համազգային մասշտաբով մեծ բարդութիւնների առջեւ է կանգնել բովանդակ հայութիւնը: Այդ բարդ կացութիւններն ու համապատասխան մարտահրաւէրները դիմագրաուելու մօտակայ եւ հեռակայ ի՞նչ ծրագիր-անելիքներ է ուրուագծել ՀՅԴ-ն, ներազգային ինչպէսեւ՝ արտաքին ճակատների ուղղութեամբ:

Պ.-Ներազգային առումով անհրաժեշտ է գոյացնել ազգային նկարագիր ունեցող հայրենի, սփիւռքեան եւ համահայկական ողջ ուժերու համախմբում ի պաշտպանութիւն հայրենիքի եւ ի ընդդիմութիւն շարունակուող պարտուողական եւ յանձնուողական դիրքորոշումներուն: Պէտք է շարունակել պայքարը հայութեան շահերը պաշտանելու անկարող ՀՀ իշխանութիւններու հեռացման համար, որպէսզի նոր մօտեցումներով եւ աւիշով կարողանանք դիմադրել թշնամիներու գրոհին եւ վերականգնել մեր արտաքին բարեկամներու հետ իսկական գործակցութիւնը փոխադարձ շահերու հիման վրայ: Պարտինք պայքարիլ հայրենի պետականութեան հիմերը եւ սփիւռքեան կազմակերպ կառոյցները քայքայող ՀՀ իշխանութեան բոլոր քայլերուն դէմ. իշխանութիւն մը, որ յարատեւ միակողմանի զիջումներու գացող է թշնամիներու առաջ, իսկ միաժամանակ անզիջող քանդիչ եւ բաժանարար սեւ գործին է լծուած ներազգային ճակատի մէջ։ Արտաքին ճակատի վրայ անհրաժեշտ է վերականգնել մեր դաշնակիցներու ու բարեկամ պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու որակն ու մակարդակը եւ հաստատել փոխադարձ վստահութիւն: Անհրաժեշտ է ամէն գնով Արցախի հիմնահարցը պահել միջազգային ուշադրութեան առարկայ եւ շարունակաբար շեշտաւորել անոր ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը: Անհրաժեշտ է նաեւ աշխարհին առջեւ քօղազերծել Ազրպէյճանի ցեղասպան մտադրութիւնները Արցախը հայաթափելու եւ բռնի ուժով պարտադրելու իր կամքը: Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանազատումի եւ սահմանագծման բանակցութիւններու ըթթացքին հարկ է իրաւականօրէն ապահովել, որ որեւէ եզրակացութիւն չհակասէ Արցախի ինքնորոշման բացարձակ իրաւունքին: Առաւել՝ պարտինք ազգովին գիտակցիլ, որ Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւններու ներկայ ընթացքը անընդունելի պարտադրանքներու տակ կը դնէ Հայաստանը, որովհետեւ Թուրքիա Հայաստանի հետ կը խօսի նախապայմաններու լեզւով:

Հ.- Ինչպէս նախորդ դարասկզբում, այսօր եւս թուրքական պետութիւնն ու ծառայակից արբանեակները այսպէս ասած հայ-թուրքական հաշտեցման հիմնական խոչընդոտ են համարում ՀՅԴ-ն: Ու ցաւօք՝ ներքին ճակատում եւս գոյութիւն ունեն նոյնկերպ մտածող շրջանակներ եւ ուժեր: Այս իրավիճակը յաղթահարելու ի՞նչ կարելիութիւններ էք ի գործ դնելու առաջիկայում:

Պ.-Այո, ցաւօք, ոչ միայն Թուրքիան ու իր արբանեակները, այլ նաեւ հայրենի ժողովուրդի մասնիկներ, ՀՅԴ-ն խոչընդոտ կը նկատեն այս հարցով, այն թիւր հասկացողութեամբ, որ ան դէմ է Թուրքիոյ հետ որեւէ յարաբերութիւններու: Անոնք զոհ գացած են տարբեր իշխանութիւններու շարունակական քարոզչութեան, որ կը ջատագովէ այդ հաշտեցման գործընթացքը նոյնիսկ ի գին մեծ զոհողութիւններու: Մեզի համար ներկայ հայ-թուրքական որեւէ բանակցութիւն հաշտեցման չի կրնար առաջնորդել: Կարելի է պատկերացնել յարաբերութիւններու բնականոնացում, սահմաններու բացում եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ առանց որեւէ նախապայմանի ու զիջումի: Իսկ հայ-թուրք հաշտեցում կարելի է ակնկալել միայն, երբ Թուրքիա ճանչնայ հայոց դէմ իր գործած ցեղասպանութիւնը եւ կատարէ հատուցումներ: Մեր ժողովուրդին պիտի շարունակենք բացատրել, որ Թուրքիան ինքն է միակողմանիօրէն փակած ՀՀ-ի հետ իր սահմանը ու ինքն ալ կրնայ վերաբանալ զայն առանց որեւէ գին պահանջելու Հայաստանէն: Ինչպէս 2008-2009 թուականներուն, այսօր ալ մենք խնդիր ենք դրած, որ նախապատրաստուինք այդպիսի հնարաւորութեան համար: Անցեալին հայեցակարգ էինք մշակած ու տրամադրած կառավարութեան, նշելով այն օրէնսդրական նախաձեռնութիւններն ու այլ քայլերը, որոնց պէտք է ձեռնարկէ Հայաստանը չէզոքացնելու համար հասարակա-տնտեսական եւ քաղաքական հաւանական ժխտական հետեւանքները, երբ սահմանները բացուին: Յամենայնդէպս, ոչ մէկ բնականոնացում արտօնելի է, եթէ զոհ պիտի տրուին ցեղասպանութեան ճանաչման եւ պահանջատիրութեան մեր իրաւունքները:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.