ԱՄՆ փոխնախագահը Պաքուի մէջ պիտի բարձրացնէ հայ գերիներու ազատ արձակման հարցը
- (0)

Պաքու մեկնելէն առաջ, Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ԱՄՆ փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենսը ըսած է, թէ Պաքուի մէջ բանտարկուած հայ գերիներու հարցը քննարկած է Հայաստանի վարչապետին հետ։
Պատասխանելով լրագրողի այն հարցումին, թէ արդեօք Պաքուի մէջ եւս պիտի բարձրացնէ հայ գերիներու ազատ արձակման խնդիրը, Վենս ըսած է. «Այդ նիւթը անպայման պիտի բարձրացնենք։ Մենք ամուր ու դրական յարաբերութիւններ ունինք թէ՛ Հայաստանի վարչապետին, թէ՛ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին հետ եւ իբրեւ այդպիսին, բացի այլ հարցերէ, այս նիւթը եւս պիտի բարձրացնենք, եւ կը կարծեմ, որ պիտի շարունակենք յաջողութեամբ համագործակցիլ թէ՛ ատրպէյճանցիներուն, թէ՛ հայերուն հետ»։
փետրուարի 9-10-ին ԱՄՆ փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենսը պաշտօնական այցով կը գտնուէր Հայաստան, որմէ ետք մեկնեցաւ Ատրպէյճան։
Պաքուի ռազմական դատարանը փետրուարի 5-ին հրապարակած էր Ատրպէյճանի մէջ ապօրինաբար բանտարկուած Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներուն եւ ութ հայ քաղաքացիներու դէմ կայացուած դատավճիռները։
Դատարանը ցմահ ազատազրկման դատապարտած էր Արցախի նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը, Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանը, ԼՂ ՊԲ նախկին հրամանատարի տեղակալ Դաւիթ Մանուկեանը, Արցախի Արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայանը եւ Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը։
Արցախի նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանն ու Բակո Սահակեանը դատապարտուած են քսան տարուան ազատազրկման։
Նոյն դատական գործով ներգրաւուած քաղաքացիական անձերէն Մելիքսէթ Փաշայեանն ու Մատաթ Բաբայանը դատապարտուած են տասնըինը տարուան ազատազրկման, Գարիկ Մարտիրոսեանը՝ տասնըութ, Դաւիթ Ալաւերդեանն ու Լեւոն Բալայանը՝ տասնըվեց, իսկ Վասիլի Պեգլարեանը, Գուրգէն Ստեփանեանը եւ Էրիկ Ղազարեանը՝ տասնըհինգ տարուան ազատազրկման։
Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի դատական գործը առանձնացուած է միւսներէն եւ կը քննուի առանձին ընթացակարգով։