ԱՄՆ-ը պիտի կասեցնէ ներգաղթային արտօնագրերու շնորհումը 75 երկրի քաղաքացիներու, ներառեալ՝ Հայաստանին
- (0)

Միացեալ Նահանգներու արտագին գործոց նախարարութիւնը պիտի կասեցնէ ներգաղթային արտօնագրերու (Green Card) շնորհումը 75 երկրի քաղաքացիներու համար, ներառեալ՝ Հայաստանի քաղաքացիներուն։
Fox News-ը, վկայակոչելով նախարարութեան ներքին յուշագիր մը, կը հաղորդէ, թէ հիւպատոսական ծառայութիւններու պաշտօնեաներուն հրահանգուած է արտօնագրերու տրամադրումը մերժել գործող օրէնսդրութեան համաձայն, մինչ նախարարութիւնը վերանայի ստուգման եւ զտման ընթացակարգերը։
Ըստ աղբիւրին, սահմանափակումները ուժի մէջ պիտի մտնեն յունուար 21-էն սկսեալ եւ պիտի շարունակուին անորոշ ժամանակով։
Հայաստանի կողքին, սոյն որոշումը նաեւ պիտի բանեցուի Ատրպէյճանի, Ռուսիոյ, Պելառուսի, Աֆղանիստանի, Իրանի, Իրաքի, Եգիպտոսի, Եմէնի, Սուրիոյ, Լիբանանի եւ շարք մը այլ երկիրներու քաղաքացիներուն համար։