«Ամերիկա կը ձգտի հանրային կարծիքը Ռուսիոյ դէմ դրդել». Հարցազրոյց սուրիահայ քաղաքական վերլուծաբան Սարգիս Գասարճեանի հետ

«Ամերիկա կը ձգտի հանրային կարծիքը Ռուսիոյ դէմ դրդել՝ զայն ներկայացնելով որպէս իրականութիւնները յայտնաբերելու դէմ գործող պետութիւն»

«Թուրքիա այսօր պարտաւոր է Իրանի եւ Ռուսիոյ հետ համագործակցելու, որովհետեւ եթէ հակի ԱՄՆ-ի՝ քիւրտերուն հետ դաշնակիցի ծիրին մէջ պիտի յայտնուի, ինչ որ կը հակասէ իր շահերուն»

«ԱլԻխպարիէ ԱլՍուրիէ» կայանի հարցազրոյցը սուրիահայ քաղաքական վերլուծաբան Սարգիս Գասարճեանի հետ

Հ.- Ինչպէ՞ս կը տեսնէք Սուրիոյ բանակին յառաջխաղացքը Տէր Զօրի մէջ մէկ կողմէն, իսկ միւս կողմէն Ամերիկայի յարձակումը Ալքուսուր թաղամասին վրայ, որուն զոհ գացին աւելի քան 14 նահատակ:

Պ.- Տէր Զօրի առնչութեամբ, յստակ որոշում կար Տահէշի (ISIS) ոչնչացման՝ համագործակցաբար Իրաքի կողմին հետ: Անսպասելի էր զօրքին այսքան երկար ճամբայ կտրելը կարճ ժամանակամիջոցի ընթացքին, ինչ որ ցուցանիշ է ռազմական գետնի վրայ գնահատելի կազմակերպման: Այսօր զանազան լրատուամիջոցներ եւ դիւանագէտներ կ’անդրադառնան Ամերիկայի կողմէ սուրիական բանակին յառաջխաղացքին կասեցման փորձերուն: ԱՄՆ-ն շատ յաճախ օգտագործած է ծայրայեղական խմբաւորումներ, որոնց կարգին նաեւ Տահէշը, սուրիական բանակին յառաջխաղացումը կասեցնելու եւ արգիլելու բանակին հասնիլը դէպի ուժանիւթի աղբիւները, որոնցմով հարուստ է շրջանը: Հետեւաբար Ամերիկայի նպատակադրումը շրջանին մէջ՝ այս ծիրին մէջ կ’իյնայ. նախապէս, դէպի իրաքեան սահմանները սուրիական բանակի յառաջխաղացման սկիզբը, նման յարձակում եւս տեղի ունեցաւ, որմէ առաջ ալ՝ Ճապալ Ալսարտէի շրջանին մէջ, որուն որպէս արդիւնք պետութեան հակակշիռէն դուրս եկան կարգ մը շրջաններ:

Հ.- Վերջերս Ամերիկա յայտարարութիւններ ունեցաւ Ռաքքայի վերակառուցման աշխատանքները արագացնելու մասին, որոնք հիմնայատակ քանդուած էին նոյնինքն ամերիկեան օդանաւերու կողմէ: Շատ մը երկիրներ ողջունեցին ամերիկեան այս քայլը: Արդեօ՞ք այդ իրկիրները նոյնպէս կ’ողջունեն Ամերիկայի գործադրած ոճիրը անմեղներուն հասցէին Տէր Զօրի մէջ եւ այլուր:

Պ.- Առ այսօր, արեւմտեան երկիրները, կամ աւելի ճիշդ այն երկիրները, որոնք մաս կը կազմեն Միջազգային Դաշինքին, կը հետեւին Ամերիկեան քաղաքականութեան եւ ոչ թէ մասնակից են անոր: Միայն Իրանի հարցով կարծիքներու տարբերութիւն առաջացած էր այդ երկիրներուն միջեւ, այլապէս, եւ մանաւանդ զինուորական միջամտութիւններուն պարագային, արեւմտեան երկիրները, անոնց հետ նաեւ Աւստրալիան, միշտ կը հետեւին Ամերիկայի քաղաքականութեան:

Սուրիական շատ մը քաղաքներ ուր մուտք գործեցին զինեալ ուժեր, աւերումներու ենթարկուեցան, սակայն Ռաքքան միակն էր, որ ամբողջովին քանդուեցաւ: Պատերազմին պատճառով նման քանդումներ եղան Հին Հալէպի շրջանին մէջ, Հոմսի կարգ մը շրջաններուն մէջ, մինչ Ռաքքայի պարագային՝ ամերիկեան օդանաւերը աւերեցին ամբողջ քաղաքը: Այս բոլորին աւարտին համաձայնութիւն տեղի ունեցաւ, ըստ որուն զինեալ ծայրայեղական ուժերը փոխադրուեցան սուրիական բանակին ընդդէմ ճակատներ

Հ.- Սուրիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը կը պնդէ, թէ Ամերիկայի յայտարարութիւնը Ռաքքայի վերականգնման մասին պարզապէս քօղարկում է այն ոճիրներուն, զորս գործեց Ռաքքայի մէջ: Միւս կողմէ, արդեօ՞ք Ամերիկա կը ձգտի ահաբեկչական գործողութիւններ կատարել շրջանին մէջ:

Պ.- Ամերիկայի այսօրուան դաշնակիցները՝ քրտական Ժողովուրդին Պաշտպան խումբերը, Ռաքքայի մէջ ժողովրդականութիւն չունին: Այլ շրջաններու մէջ ունին, որոնք նաեւ համեմատական են, բայց Ռաքքայի մէջ՝ բացարձակապէս: Երկրորդ՝ խորքային հարց մը կայ, որ Ռաքքայի բնակչութիւնը կը գիտակցի, թէ Ամերիկայի կողմէ շատ աւելի վատ յարձակումներու ենթարկուեցաւ, քան անոր՝ որ կոչուեցաւ Ռաքքայի ազատագրման գործողութիւններ Տահէշի դէմ: Այս մէկը պատճառ պիտի ըլլայ Ռաքքայի ժողովուրդին հակազդեցութեան: Նշենք, որ Ամերիկայի եւ Ժողովուրդի Պաշտպան խմաւորումներու դաշինքը պատմական համաձայնութիւն մը չէ, այլ ժամանակին ծնունդն է: Չմոռնանք որ Ամերիկա սկիզբէն Թուրքիոյ հետ համաձայնութիւն գոյացուցած էր Քրտական Աշխատաւորական կուսակցութեան դէմ, եւ զայն դասած՝ ահաբեկչական խմբաւորում: Այժմ որպէսզի այդ նոյն ահաբեկչական դասուած ուժին հետ Ամերիկայի գործակից ըլլալը քօղարկուի, անունի փոփոխութիւն տեղի ունեցած է եւ կոչուած՝ Ժողովուրդին Պաշտպան խմբաւորումներ, սակայն բոլորին ալ յստակ է, թէ ան կազմուած է մեծամասնութեամբ քիւրտերէ:

Երրորդ կէտը այն է, որ Քրտական Աշխատաւորական կուսակցութիւնը ձախակողմեան-համայնավար կուսակցութիւն է, հետեւաբար արեւմտեան երկիրներուն հետ իր գործակցութիւնը ցոյց կու տայ, թէ այդ մէկը ոչ թէ սկզբունքային կամ ռազմավարական համաձայնութիւն է, այլ ժամանակին ծնունդ եւ որոշ նպատակներու իրագործման նպատակադրող համաձայնութիւն է: Հետեւաբար Քիւրտերը պէտք է գիտակցին, որ կարելի չէ վստահիլ ԱՄՆ-ի:

Հ.- Ինչո՞ւ Քիւրտերը պէտք է նկատի ունենան, որ պէտք չէ վստահին Ամերիկայի:

Պ.- Տրամաբանական պատճառը այն է, թէ ԱՄՆ-ն ոչ մէկ ատեն իր դաշնակիցներով մտատանջուած է: Իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին ԱՄՆ-ն շատ յաճախ օգտագործած է անձնաւորութիւններ, խմբաւորումներ, ուժեր կամ նոյնիսկ պետութիւններ, ապա, շրջան մը ետք, ի՛նք հակառակորդի կեցուածք որդեգրած է անոնց հանդէպ: Որպէս օրինակ կարելի է յիշէլ Պէն Լատէնի եւ Գայիտէի պարագան: Անոնք Ամերիկեան արտադրութիւն կը համարուին, որոնք օգտագործուեցան Սովետական միութեան դէմ, ապա յանկարծ թշնամի նկատուեցան ոչ միայն Ամերիկայի, այլեւ ամբողջ աշխարհին: Նոյնիսկ քաղաքական գետնի վրայ եւ ոչ թէ ռազմական, Ամերիկայի դաշնակիցներէն շատեր, որոնցմէ կարելի է յիշել Հուսնի Մուպարաքը՝ Եգիպտոսի նախկին նախագահը, Թունուսի, Իրաքի նախագահները եւ այլք, նոյն կեցուածքին արժանացան: Հուսկ, նկատի առնելով Ամերիկայի քաղաքական կեցուածքները պատմութեան ընթացքին, քաջալերելի չէ անոր հանդէպ վստահութիւնը:

Հ.- Անցնինք ռուսական վեթոյին, զոր Ռուսիա օգտագործեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի վերջին նիստին՝ Սուրիոյ Խան Շէխունի մէջ քիմիական զէնքերու գործածութեան վերաբերեալ հետաքննութեան երկարաձգման ծրագիրին դէմ: Ինչո՞ւ Ռուսիան օգտագործեց այս վեթօն:

Ս.Գ.- Այս յանձնախումբը ստեղծուեցաւ միաձայնութեամբ 2015-ին, երբ 15 երկիր ձայնակցեցան այս յանձնախումբին առաջացման, որուն կողմ էր նաեւ Ռուսիա: Առաջին երկարաձգումը, որ տեղի ունեցաւ 2016-ին, նոյնպէս առաջացաւ միաձայնութեամբ: Հետեւաբար սոյն յանձնախումբին առաջացումը ռուսական առաջադրանք էր, ինչպէս նաեւ սուրիական՝ քիմիականի հարցով իրականութիւնը յայտնաբերելու նպատակով: Սակայն յանձնախումբին առաջացումէն երկու տարի ետք, կարգ մը նկատողութիւններ արձանագրուեցան այդ յանձնախումբին տարած աշխատանքներուն առնչութեամբ: Երեք ամիս առաջ, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Միքտատ անդրադարձաւ յանձնախումբին թերութիւններուն, սակայն յանձնախումբը առաջին օրէն փաստեց, թէ որոշ հակումներ ունի. օրինակ՝ յանձնախումբը կը ստուգաբանէ փաստեր ենթադրական յարձակումի մը եւ ականատեսները կը փոխադրուին այլ երկիր (Թուրքիա), ուր տեղի կ’ունենան ականատեսներու արձանագրութիւնները, մինչ բոլորիս յայտնի է, թէ Թուրքիան հիւրընկալողն է ընդդիմադիր կողմին:

Հ.- Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Վասիլի Նեպենզիա ըսաւ. «Մենք կը սպասենք քիմիական զէնքի գործածութեան վերաբերեալ հետաքննութեան յանձնախումբի զեկուցումին հրապարակումը, որպէսզի անոր աշխատանքը երկարաձգելէ առաջ զայն սերտենք»: Ան աւելցուց նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցած ծրագիրին նպատակը Սուրիոյ մէջ ռուսական դերակատարութեան նսեմացումն է»: Ի՞նչ է ձեր կարծիքը այս գծով:

Հ.- Համաձայն եմ, եթէ ակնարկ մը նետենք օտար եւ արաբական մամուլին վրայ, որոնք նոյն հակումները ունին այս հարցով, կը տեսնենք, թէ անոնք վեթօն կը բացատրեն որպէս ռուսական արգելք՝ իրականութիւնները յայտնաբերելու: Մինչ տրամաբանական կեցուածքը այն է, թէ պէտք է քննել յանձնախումբին զեկուցումները, նամաւանդ նկատի ունենալով անոր արձանագրած թերութիւնները, ապա անոր երկարաձգման գծով որոշում կայացնել:

Հ.- Ուրեմն կարելի՞ է ըսել, թէ այս յանձնախումբը ձախողեցաւ իր առաքելութեան մէջ:

Պ.- Ես կը կարծեմ, որ այս յանձնախումբը ի սկզբանէ դիտումնաւոր կերպով փորձեց այս գործը ի դերեւ հանել, մերժելով հետաքննութիւնները կատարել բուն վայրերուն մէջ:

Հ.- Իսկ եթէ Ամերիկան կը գիտակցէր, որ Ռուսիա վեթօ պիտի օգտագործէ այս հարցով, ինչո՞ւ քուէարկութեան գնաց:

Պ.- Ռուսիան անբաղձալի կացութեան մատնելու համար: Այսինքն հանրային կարծիքը Ռուսիոյ դէմ դրդելու նպատակաւ՝ զայն ներկայացնելով որպէս իրականութիւնները յայտնաբերելու դէմ գործող պետութիւն, մանաւանդ որ քիմիական զէնքի օգտագործումը մարդկային հարց կը նկատուի եւ կը յուզէ ամբողջ մարդկութիւնը: Եւ կան ժողովուրդներ, որոնք կը հակին Ամերիկայի քարոզչութեան՝ ընդդէմ Ռուսիոյ քաղաքակնութեան, սկսելով Իրաքի պատերազմէն, հասնելով մինչեւ Սուրիոյ պատերազմը: Սակայն չեմ կարծեր, որ Ռուսիա կ’ազդուի Ամերիկայի նման կեցուածքներէն:

Հ.- Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ հարցերը դեռեւս կը բարդանան՝ թրքական գործօնին առկայութեան պատճառաւ. Էրտողան վերջերս յայտարարեց, թէ թրքական գործողութիւնները Իտլիպի մէջ ամբողջացան եւ յաջորդը պիտի ըլլայ Աֆրինը: Ի՞նչ է ձեր կարծիքը Էրտողանի այս արտայայտութեան մասին:

Պ.- Գործնական գետնի վրայ, ըստ երեւոյթին, ան կ’ակնարկէ թուրք զօրքին զինուորական գործողութիւնները, զորս հաւանաբար, այո՛, աւարտեցան: Հակառակ անոր որ Astana-ի մէջ վերջին անգամ այսպէս չէր համաձայնուած. Թուրքիոյ վստահուած էր միայն ահաբեկիչները հեռացնել Իտլիպի շրջանէն: Մինչ Թուրքիա, ընդհակառակը, ահաբեկչական խումբերուն հետ համագործակցեցաւ, մուտք գործեց Իտլիպ եւ տարածուեցաւ շրջանին մէջ: Ան նոյնիսկ գործակցեցաւ Նուսրայի հետ, որ ամբողջ աշխարհին կողմէ ընդունուած է որպէս ահաբեկչական խմբաւորում եւ Գաիտէի հետ կը համագործակցի, որքան ալ այդ համագործակցութիւնը փորձեն հերքել, սակայն Նուսրան ինքնին կը բացայայտէ իր կապուածութիւնը Գաիտէի հետ: Թուրքիոյ Իտլիպ մուտքով Թուրքիոյ թիրախը քիւրտերն էին: Թուրքիա յաճախ զգուշութեամբ կը վերաբերի քիւրտերուն հարցին հետ: Իշխանութիւններու փոփոխութեամբ նոյնիսկ քիւրտերուն հանդէպ Թուրքիոյ կեցուածքը անփոփոխ կը մնայ: Հետեւաբար Էրտողան իր այս արտայայտութեամբ կ’ակնարկէ Աֆրինի շրջանին մէջ հարցերու առկայութիւնը, որովհետեւ Թուրքիա կ’ուզէ ամէն գնով արգերլք հանդիսանալ Սուրիոյ հիւսիսային սահմանին երկարութեամբ քրտական անցքի մը գոյութեան, որ կ’երկարի Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքէն մինչեւ Աֆրին:

Հ.- Մօտաւորապէս ամիս մը առաջ տեղի ունեցաւ ռուսական ճնշում Թուրքիոյ վրայ՝ հրաժարելու Աֆրինը շրջափակելէ: Արդեօ՞ք այս հարցով կեցուածքի փոփոխութիւն գոյութիւն ունի, որ Թուրքիա ազատօրէն կ’արտայայտուի Աֆրինի մէջ զինուորական գործողութիւններու մասին:

Պ.- Էրտողան միշտ ալ փոփոխամիտ եղած է, ոչ միայն իր արտայայտութիւններով, այլեւ իր քաղաքական կեցուածքներով: Հոս կ’ակնարկենք Էրտողանի կառավարութիւնը անշուշտ եւ ոչ թէ զինք անձնապէս: Նախապէս խօսեցաւ նաեւ Հալէպի մասին, նոյնիսկ Դամասկոսի ԱլՈւմաուի մզկիթ հասնելու մասին, որուն այսօր ծաղրանքով կ’անդրադարձուի ոչ միայն Սուրիոյ մէջ, այլեւ նոյնինքն Թուրքիոյ մէջ: Հետեւաբար Աֆրինի մասին իր արտայայտութիւնը նորութիւն մը չէ մեզի համար: Պատերազմի սկզբնաւորութենէն շատ անգամ ահաբեկչական խմբաւորումներու թիրախ դարձան Աֆրին քաղաքը եւ անոր շրջակայքը եւ այդ՝ թրքական թնդանօթներու օժանդակութեամբ: Այս բոլորով հանդերձ չեմ կարծեր, որ թրքական զինուորական մեծ գործողութիւններ իրականցուին Աֆրինի մէջ, նախ այն հաշուով, թէ այդ մէկը սուրիական իշխանութեան դէմ յարձակում կը նկատուի, ապա խախտում՝ Աթէնքի համաձայնութեան:

Հ.- Կարգ մը լրատուամիջոցներ ակնարկութիւններ ըրին, թէ Թուրքիա գրաւած է հողամասեր Իտլիպէն եւ Հալէպէն: Որքանո՞վ իրականութեան կը համապատասխանէ այս մէկը:

Պ.- Պատերազմներու ընթացքին տեղի կ’ունենայ քարտէսներու փոփոխութիւն: Սուրիական պատերազմին ընթացքին «Ազատ բանակ» կոչուած խմբաւորումը գրաւեց տարածքներ, սակայն այսօր ամբողջութեամբ անհետացած է այդ խմբաւորումը, Նուսրան նոյնպէս գրաւած էր տարածքներ, ապա անուանումի փոփոխութիւններ տեղի ունեցան, զանազան խմբաւորումներ ի յայտ եկան, բայց այսօր իրական գետնի վրայ այդ խմբաւորումները շրջափակուած են պզտիկ հողատարածքի մը վրայ, որ Սուրիոյ տարածութեան 5%-ը կը կազմէ: Գալով Թուրքիոյ, ըստ Աթէնքի համաձայնութեան, Թուրքիա պարզապէս դերակատարութիւն պէտք է ունենայ տարածաշրջանին մէջ, եւ ոչ մէկ իրաւասութիւն ունի, ոչ միայն Թուրքիա, այլեւ որեւէ երկիր, Սուրիոյ հողատարածքէն բաժիններ գրաւելու, շնորհիւ սուրիական զօրքին տարած յաղթանակներուն եւ Սուրիոյ դաշնակից Իրանի եւ Ռուսիոյ որդեգրած կեցուածքներուն:

Հ.- Ռուսիա Անգարայի հասցէին դատապարտում չունեցաւ բնաւ, արդեօ՞ք ըստ Ռուսիոյ Թուրքիա տակաւին չշրջանցեց սահմանուած կարմիր գիծերը:

Պ.- Ռուսական հակազդեցութիւնը կախեալ է շրջանցումներուն ծաւալէն. Ռուսիա տակաւին հաշուի կ’առնէ թրքական կողմի դերակատարութիւնը: Այս մէկը չի նշանակեր, որ Թուրքիա-Ռուսիա համաձայնութիւն գոյութիւն ունի, ընդհակառակը, Ռուսիա նեղացած էր Թուրքիոյ կեցուածքէն Ուքրանիայի հարցով: Նոյնպէս տնտեսական գետնի վրայ, տակաւին գոյութիւն ունի թրքական արտադրութիւններու Ռուսիա ներածման արգելքներ Ռուսիոյ կողմէ, ինչպէս նաեւ Թուրքիա նոր օրէնքներ հրապարակեց երկրագործութեան ծիրէն ներս ռուսական արտադրութիւններու ներածման հարցով: Թուրքիոյ հանդէպ նման կեցուածք որդեգրած է նաեւ Իրանը Իտլիպի հարցով:

Հ.- Իրան եւ Ռուսիա արդեօ՞ք պիտի կարենան զսպել Թուրքիան Աթէնքի համաձայնութեամբ:

Պ.- Ռուսիա եւ Իրան այն վերաբերմունքը ունին Թուրքիոյ հանդէպ, թէ այսօր Թուրքիա բոլոր ժամանակներէն աւելի կարիքը ունի իրենց: Վերջերս նոր յարաբերութիւններ կը մշակուին տարածաշրջանի երկիրներուն հետ. Օրինակ՝ Արաբական Խալիճի երկիրներուն ազդեցութիւնը ներկայիս մեծապէս կը տարբերի 6-7 տարի առաջուան ունեցած ազդեցութենէն: Այսօր լուրջ դժուարութիւններու մատնուած է Թուրքիա Գաթարի հարցով, նկատի առած որ Թուրքիա Գաթարի դաշնակից է եւ զօրանոցներ ունի հոն: Եգիպտոս նոյնպէս սուր դիրքորոշում ունի Թուրքիոյ հանդէպ՝ Իխուան Մուսլիմին-ի աջակցութեան հարցով: Ես նախապէս ալ նշած էի, որ Թուրքիա այսօր պարտաւոր է Իրանի եւ Ռուսիոյ հետ համագործակցելու, որովհետեւ եթէ հակի ԱՄՆ-ի՝ քիւրտերուն հետ դաշնակիցի ծիրին մէջ պիտի յայտնուի, ինչ որ կը հակասէ իր շահերուն: Բացի եթէ ԱՄՆ-ն կրկին փոխէ իր դաշնակիցները: Պէտք չէ մոռնանք, որ ԱՄՆ եւ Թուրքիա դաշնակիցներ են զինուրական գետնի վրայ մանաւանդ, նկատի առած որ Նաթոյի ուժերուն առաջին դիրքի վրայ է Ամերիկան, իսկ երկրորդին՝ Թուրքիան: Այս բոլոր նկատառումները այն եզրակացութեան կը յանգին, թէ այսօր Թուրքիա պարտաւոր է սիրաշահելու Իրանն ու Ռուսիան:

Արաբերէնէ թարգմանեց՝ Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.