Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց ՀՅԴ պատուիրակութիւնը
- (0)

Փետրուար 20-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց տարբեր երկիրներէ ժամանած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ղեկավար մարմիններու ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի։
Նորին Սրբութիւնը իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը յայտնեց ներկաներուն՝ անոնց ազգանուէր գործունէութեան առնչութեամբ, եւ պատգամեց շարունակել ջանքեր ներդնել հայրենիքի հզօրացման, ազգի զաւակներուն արժանապատիւ եւ ապահով կեանքի կերտման, ինչպէս նաեւ մերօրեայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման ուղղութեամբ։
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ ազգային-եկեղեցական կեանքը յուզող խնդիրներուն, իշխանութիւններուն կողմէ իրականացուող հակաեկեղեցական քայլերուն, որոնք կը խաթարեն եկեղեցականներու բնականոն առաքելութիւնը եւ հաւատացեալներու հոգեւոր կեանքը։
Նորին Սրբութիւնը վերահաստատեց, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն՝ Եկեղեցին եւ հոգեւոր դասը անշեղօրէն պիտի շարունակեն իրենց հոգեփրկչական ու ազգապահպան առաքելութիւնը՝ ի նպաստ հայոց կեանքի պայծառութեան եւ բարօրութեան։
Պատուիրակութեան անդամները իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին եւ Վեհափառ Հայրապետին՝ ընդգծելով Հայոց Եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդն ու առաքելութիւնը հայոց պետականութեան հզօրացման եւ ազգային ինքնութեան պահպանման գործին մէջ։