Ամատունի. «Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէն Հրապարակաւ Չի Մեկնաբաներ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայերու Տեսակցութեան Բովանդակութիւնը»

«Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն Պաքուի մէջ պահուող հայերու տեսակցութեան բովանդակութեան առնչուած որեւէ բան հանրային հարթակի վրայ չի կրնար մեկնաբանել»: Այս մասին «Թերթ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց Հայաստանի մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի պատուիրակութեան հաղորդակցութեան ծրագիրներու ղեկավար Զառա Ամատունի` անդրադառնալով Պաքուի մէջ պահուող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան առողջական վատթարացման մասին մամուլին մէջ տարածուող լուրերուն:

«Մեր պատուիրակներու տեսակցութիւններուն ծիրին մէջ իւրաքանչիւր անձի կարելիութիւն կը տրուի կապ հաստատելու իր հարազատներուն հետ:

«Մենք կարելիութիւն տեսած ենք կապուիլ հարազատներու հետ, կապի միջոցները կրնան ըլլալ ոչ միայն հեռաձայնային զանգեր, այլ նաեւ Կարմիր խաչի նամակներու միջոցով, որոնք կը փոխանցուին տեսակցութեան ընթացքին», բացատրեց ան:

Ամատունի աւելցուց, որ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչները վերջին անգամ Պաքուի մէջ պահուող հայերուն հետ տեսակցած են յուլիսին: Կազմակերպութեան ուշադրութեան կեդրոնը եղած են եւ կը շարունակեն մնալ Պաքուի մէջ պահուող հայերու առողջական վիճակը եւ անոնց նկատմամբ վերաբերմունքը, պահպանման պայմանները:

Այն հարցումին, թէ յաջորդ այցելութիւնը ե՛րբ կը նախատեսուի, Ամատունի պատասխանեց. «Այցելութեան մասին նախապէս չենք հաղորդեր, այցելութեան աւարտէն ետք կը տեղեկացնենք»:

Մամուլին մէջ լուրեր տարածուած են, թէ Արցախի նախկին ղեկավարներ Բակօ Սահակեանի, Արայիկ Յարութիւնեանի, Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի եւ Արցախի պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանի առողջական վիճակը վատթարացած է:

Comments are closed.