Ալիեւ Հայաստանէն Կը Պահանջէ Ապահովել Նախիջեւանի Հետ Կապը` Առանց Խոչընդոտներու Եւ Ստուգումներու

Horizon Weekly Newspaper

Պաքուի մէջ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ընթացքին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ընդամէնը քանի մը վայրկեաններու ընթացքին երեք անգամ արտաբերելով «Զանգեզուրի միջանցք» եզրը՝ յայտնեց, որ Հայաստան պէտք է կատարէ իր պարտաւորութիւնները եւ ապահովէ կապը Ատրպէյճանի հիմնական հատուածին եւ Նախիջեւանի միջեւ:

«Մեր կողմէ իրականացուող նոր նախագիծերու կարգին կ՛ուզեմ յիշատակել «Զանգեզուրի միջանցքը»: «Զանգեզուրի միջանցքը» Ատրպէյճանի նախաձեռնութիւնն է: Երկրորդ ղարաբաղեան պատերազմի մեր յաղթանակէն ետք այս հարցը մուտք գործեց միջազգային օրակարգ: «Զանգեզուրի միջանցքը» միջազգային բառապաշարին մէջ այսօր ընդունուած եզր է: Մենք, ի հարկէ, գործնական քայլերու կը ձեռնարկենք այդ միջանցքի բացման ուղղութեամբ: Ճիշդ է նաեւ, որ Հայաստան այս հարցին մէջ ոչ կառուցողական մօտեցում կը դրսեւորէ եւ չի կատարեր այն պարտաւորութիւնները, զորս ստանձնած է 10 Նոյեմբերի յանձնուողական արձանագրութեամբ: Այդ փաստաթուղթին մէջ յստակօրէն գրուած է, որ Ատրպէյճանի հիմնական մասի եւ Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան միջեւ պէտք է երթեւեկի հաղորդակցութեան կապ ապահովուի», յայտարարեց Ալիեւ։

Երթեւեկի հաղորդակցութեան հարցերուն նուիրուած այս խորհրդակցութեան ընթացքին Ատրպէյճանի նախագահը անդրադարձաւ նաեւ տարածաշրջանային երթուղիներու ենթակառոյցներու բացման` Հայաստանի վարչապետին կողմէ առաջ քաշուող նախագիծերուն, չծածկելով իր թերահաւատութիւնը անոնց նկատմամբ։

«Դուք հաւանաբար լսած էք, որ Հայաստան յառաջ կը մղէ այսպէս կոչուած  «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրը, եւ աշխարհին մէջ ալ չմնաց երկիր մը, ուր անոնք այդ նախագիծը չներկայացնեն: Իսկութեան մէջ, սակայն, այդ այսպէս կոչուած նախագիծը ոչինչ է առանց Ատրպէյճանի: Մենք տարբեր խողովակներով այդ մասին բազմիցս ըսած ենք նաեւ հայկական կողմին: Եթէ դուք իրօք կը փափաքիք կեանքի կոչել այդ նախագիծը, առաջին հերթին պէտք է դիմէք Ատրպէյճանին: Առանց մեզի ատիկա պարզապէս թուղթի կտոր է, իսկ մեր դրած պայմանները արդար են, հիմնուած են միջազգային իրաւունքի կանոններու եւ այն պարտաւորութիւններու վրայ, զորս Հայաստան ստանձնած է», ըսաւ Ալիեւ:

Ան նաեւ ընդգծեց, որ այժմ, այնքան ատեն որ դեռ «Զանգեզուրի միջանցքը» չէ բացուած, Ատրպէյճան աշխոյժ կերպով կ՛աշխատի Հայաստանը շրջանցող, Իրանի տարածքով անցնող ճամբու շինարարութեան ուղղութեամբ: Ըսը Ալիեւի` Թեհրանի հետ այդ պայմանաւորուածութիւնը ձեռք բերուեցաւ, երբ Պաքուի մէջ «տեսան Հայաստանի ոչ անկեղծ պահուածքը»:

«Այդպիսով Հայաստան կը շարունակէ մնալ փակուղիի մէջ եւ անոնց` տարանցիկ պետութիւն դառնալու երազը այդպէս ալ երազ կը մնայ: Անոնց կորուստները աւելի մեծ պիտի ըլլան, քան մերը: Այդ իսկ պատճառով այս խնդիրը մնայուն կերպով մեր ուշադրութեան կիզակէտին է, եւ Հայաստանի հետ մեր երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ մենք մնայուն կերպով կ՛ընդգծենք` պէտք է ազատ անցում ապահովուի Ատրպէյճանէն Ատրպէյճան՝ առանց ստուգումներու եւ խոչընդոտներու», պնդեց Ալիեւ։

Հակառակ անոր որ այս խորհրդակցութիւնը նուիրուած էր բացառապէս երթեւեկի հարցերուն` Ալիեւ դարձեալ խորացաւ պատմական իրադարձութիւններու մէջ` պնդելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի ստեղծումը եւ Զանգեզուրի այսպէս կոչուած անջատումը «ատրպէյճանցի ժողովուրդին դէմ կատարուած յանցագործութիւններ էին»:

«Մենք Զանգեզուրը չենք մոռցած եւ պիտի չմոռնանք: Կը կրկնեմ` մենք Հայաստանի նկատմամբ տարածքային պահանջներ չունինք: Հայաստանը, սակայն, պէտք է կատարէ իր պարտաւորութիւնները եւ անխոչընդոտ անցում տրամադրէ Ատրպէյճանէն Ատրպէյճան», շեշտեց ան:

Ըստ Ալիեւի՝ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը կը նախատեսէ Լաչին քաղաքին մէջ կառուցուող միջազգային օդակայանը շահագործել այս տարի. «Այս տարի Լաչինի մէջ շահագործման կը յանձնուի իններորդ միջազգային օդակայանը», ըսաւ ան՝ շեշտելով, որ վերջին 20 տարիներուն Ատրպէյճանի մէջ կառուցուած են 8 միջազգային օդակայաններ։

Հայաստանի հետ սահմանին գտնուող Լաչինի օդակայանին շինարարութիւնը մեկնարկած էր քաղաքը Պաքուի վերահսկողութեան տակ անցնելէ քանի մը օր ետք:

Ատրպէյճանի նախագահը նաեւ դիտել տուաւ, որ Միացեալ Նահանգներ դէմ էր Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիի նախագիծի իրականացման` կարծելով, թէ Հայաստանը պիտի մնայ լուսանցքի մէջ։  «Մեծ դիմադրութեան հանդիպեցանք, երբ կ՛ուզէինք ատիկա իրականացնել, հիմա արդէն կրնամ խօսիլ այդ մասին: Մեծ էր դիմադրութիւնը Միացեալ Նահանգներու կողմէ, իսկ պատճառը՝ հայամէտ քաղաքականութիւնն էր, Միացեալ Նահանգներ կը կարծէր, թէ այդպիսով Հայաստան պիտի մնար լուսանցքի մէջ», յայտարարեց Ալիեւ:

Ըստ անոր՝ Միացեալ Նահանգներ լուրջ ճնշում բանեցուցած է Վրաստանի այն ժամանակուան ղեկավարութեան վրայ, որպէսզի ան չհամաձայնի նախագիծին: Ատրպէյճան երկար տարիներու բանակցութիւններու իբրեւ արդիւնք կրցաւ համաձայնութեան գալ վրացական կողմին հետ:

Horizon Weekly Newspaper

Comments are closed.