Ալիեւ. Արցախցիներու վերադարձը միայն փոխադարձութեան սկզբունքով պիտի քննարկուի
- (0)

Վերջերս «Ֆրանս 24» պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ անդրադարձաւ Արցախցիներու վերադարձի հարցին։ Ան յայտնեց, թէ եթէ Հայաստան պաշտօնական դիմում ներկայացնէ, Պաքու պատրաստ է զայն քննարկելու, սակայն միայն փոխադարձութեան սկզբունքի հիման վրայ։
Ալիեւի համաձայն՝ Ատրպէյճանը Ղարաբաղի հայ բնակիչներուն առաջարկած էր դիմել քաղաքացիութիւն կամ աշխատանքի արտօնութիւն ստանալու համար։ Ան նշած է, թէ որոշ հաղորդակցութիւններ տեղի ունեցած են անոնց ներկայացուցիչներուն հետ, սակայն վերջիններս նախընտրած են տեղափոխուիլ Հայաստան։ Միաժամանակ ան շեշտեց, որ Հայաստանի ներկայ տարածքէն արտաքսուած են հարիւր հազարաւոր ազրպէյճանցիներ, եւ Երեւանը երբեք նախաձեռնութիւն չէ ցուցաբերած անոնց վերադարձը ապահովելու ուղղութեամբ։
«Վերադարձի իրաւունքը համընդհանուր սկզբունք է, եւ Ատրպէյճանը պատրաստ է յարգել զայն, եթէ համապատասխան դիմումներ ներկայացուին։ Սակայն, նկատի ունենալով, որ երեք տասնամեակ տեւած պատերազմին ընթացքին մեր տարածքները բռնագրաւուած էին, մենք կը սպասենք նոյնպիսի մօտեցում Հայաստանի կողմէ՝ հարիւր հազարաւոր ատրպէյճանցիներու նկատմամբ, զորս կը բնորոշենք որպէս Արեւմտեան ատրպէյճանցիներ», ըսաւ Ալիեւ։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ մօտ ապագային հնարաւո՞ր է լիարժէք խաղաղութեան հաստատում եւ երկկողմ յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորում, Ալիեւ դրական գնահատեց հեռանկարը։ Անոր խօսքով՝ օգոստոս 8-ին Սպիտակ տան մէջ ստորագրուած փաստաթուղթը կը վկայէ, որ հակամարտութիւնը փակուած է եւ սկսած է խաղաղութեան փուլ մը, որ, իր համոզումով, կրնայ ունենալ երկարատեւ բնոյթ։