Ալիեւի պահանջած նոր Սահմանադրութեան նախագիծը պատրաստ է
- (0)

Հայաստանի Արդարադատութեան նախարար Սրբուհի Գալեան պաշտօնապէս յայտարարեց, որ նոր Սահմանադրութեան նախագիծի բնագիրը արդէն պատրաստ է եւ շուտով պիտի փոխանցուի իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան վարչութեան քննարկման։
Այս յայտարարութիւնը վերջնականապէս կը հաստատէ այն իրողութիւնը, որ Նիկոլ Փաշինեանի վարչակազմը աւարտին հասցուցած է պետական մայր օրէնքի վերափոխման գործընթացը՝ ամբողջութեամբ տեղի տալով Իլհամ Ալիեւի կողմէ ներկայացուած նախապայմաններուն։
Նոր նախագիծի առանցքային եւ ամենավտանգաւոր կէտը Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրին կատարուած յղումի հեռացումն է, որուն մասին Փաշինեան վերջերս վերահաստատեց իր դիրքորոշումը։
Վարչապետը, արդարացնելով իր այս զիջումը, պնդեց թէ Հռչակագիրը հիմնուած է «հակամարտութեան տրամաբանութեան» վրայ, մինչդեռ ակնյայտ է, որ այս փոփոխութիւնը Ատրպէյճանի նախագահի նախապայմաններէն մէկն է՝ խաղաղութեան պայմանագրի ենթադրեալ ստորագրման համար։
Փաշինեան եւս մէկ անգամ կը փորձէ հանրութեան հրամցնել այն թէզը, թէ ազգային ինքնութեան եւ պետականութեան հիմնասիւներէն հրաժարիլը միակ ճանապարհն է գոյատեւելու համար, մինչդեռ իրականութեան մէջ ան պարզապէս կը կատարէ Պաքուի թելադրանքները՝ հարուածելով Հայաստանի ինքնիշխանութեան։
Նախագիծի պատրաստ ըլլալը ցոյց կու տայ, որ իշխանութիւնները պատրաստ են զոհաբերելու սահմանադրական կարգը՝ օտարի պարտադրանքով խաղաղութեան պատրանք մը ստեղծելու համար։