Ալէն Սիմոնեան․ Ատրպէյճանը կը խոչընդոտէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան, Պոլսոյ մէջ հայ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին, յայտարարած է, թէ Ատրպէյճանը կը խոչընդոտէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը՝ օգտագործելով իր քաղաքական ճնշման կարողութիւններն ու ազդեցութիւնը։

Սիմոնեան նշած է, թէ ստեղծուած է «տարօրինակ իրավիճակ» մը, ուր Պաքուն մէկ կողմէ կը բանակցի Երեւանի հետ, իսկ միւս կողմէ կը խանգարէ Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ ուղիղ բանակցութիւնները։ «Թուրքիան կարծես այս յարաբերութիւններու գերին է», ըսած է ան։

Անդրադառնալով Հայաստան-Թուրքիա սահմանը չբացուելու պատճառներուն՝ Սիմոնեան ընդգծած է, որ տարբեր փուլերու մէջ տարբեր պայմաններ առաջադրուած են։ Նախ նշուած էր, թէ սահմանը պիտի բացուի միայն Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծումէն ետք, ապա՝ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքումէն։ Անոր համաձայն՝ թէեւ կողմերը համաձայնութեան եկած են 17 կէտերու շուրջ եւ նոյնիսկ հանդիպած են նախաստորագրելու համար, այնուամենայնիւ սահմանը կը մնայ փակ։

Սիմոնեան նաեւ նշած է, թէ իր թուրք գործընկերները յստակ բացատրութիւններ չեն տրամադրեր ստեղծուած փակուղիին մասին՝ կրկնելով, որ այս իրավիճակը Ատրպէյճանի ազդեցութեան հետեւանքն է։

Միեւնոյն ժամանակ, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան բազմիցս յայտարարած է, թէ Անգարան Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը կը համակարգէ Պաքուի հետ։

Երեւանն ու Անգարան 2022-էն ի վեր կը բանակցին յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ։ Չնայած որոշ նախնական պայմանաւորուածութիւններու՝ մասնաւորաբար երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար սահմանը բանալու հարցով, գործընթացը մինչ այժմ էական յառաջընթաց չէ արձանագրած։